Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան. «Մուշ» Պարային Համոյթը Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

April 6, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլին, Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ:

Դեսպանը ողջունեց խումբին ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով եւ գնահատեց Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան սոյն նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ Համազգայինը համահայկական այն կառոյցներէն է, որ գնահատելի ներդրում ունի հայապահպանութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման մէջ: Ան  կարեւոր նկատեց «Քնար» պարախումբին հետ միացեալ ելոյթի կազմակերպումը, որովհետեւ երկու երկիրներ կամրջող ելոյթ է եւ կը նպաստէ Լիբանանի եւ Հայաստանի, նաեւ լիբանանահայ համայնքին եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան կապերու ամրապնդման, որովհետեւ Հայաստան միշտ իր մշակոյթով սնուցած է լիբանանահայութիւնը զանազան առումներով: Դեսպանը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող պարախումբերը կը ղեկավարուին հայաստանցի պարուսոյցներով, նաեւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին մաս կը կազմեն 17 բարձրորակ հայաստանցի երաժիշտներ, որոնք իրենց կատարողական արուեստով կը նպաստեն Լիբանանի արուեստի այդ ոլորտի զարգացման: Դեսպանը գոհունակութիւն յայտնեց դեսպանատան մէջ խումբին ներկայութեան համար` նկատել տալով, որ  անոնք Հայաստանի շունչը կը փոխանցեն, եւ իր կարօտը կը յագեցնէ անոնցմով:

Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ 2018-ին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պիտի նշենք խորհրդանշական յոբելեաններ, ինչպէս` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը եւ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօս երկիրներու ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Ան անդրադարձաւ զոյգ յոբելեաններու կարեւորութեան` հաստատելով, որ  առաջինը կարեւոր է, որովհետեւ հայոց պետականութեան բազմադարեայ պատմութեան մէջ երկար ընդմիջումէ ետք վերջապէս մայիս 1918-ին մեր պետականութիւնը վերականգնեցաւ, եւ նոր էջ մը բացուեցաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, իսկ երկրորդը կարեւոր է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Երեւանի մէջ ապրած է հազարամեակներ եւ մեզի ժառանգ ձգած է իր հարուստ մշակոյթը, որ հիմք հանդիսացած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ արժէքներու ու ժառանգութեան պահպանման:

Եզրափակելով իր խօսքը` դեսպան Մկրտչեան յոյս յայտնեց, որ վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն պիտի բարձրացնեն Հայաստանի վարկը եւ հեղինակութիւնը, այլեւ` պիտի նպաստեն մեր հարուստ ժառանգութեան պահպանման եւ համայն աշխարհի մէջ հայկականութեան ներկայացման:

Նշենք, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի եւ Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթի միացեալ առաջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 6 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ, իսկ երկրորդ ելոյթը` կիրակի, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ:

Տոմսերը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնէն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին, գրատուն «Անթուան»-ի բոլոր մասնաճիւղերէն եւ ելոյթներու օրերը` կիշէէն:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Ինքզինքս Ոչ Ոքի Կը Պարտադրեմ, Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Իմ Վրաս Ինքզինք Պարտադրել»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.