Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եաագուպ Սարրաֆ. «Իսրայէլն Է, Որ Չի Յարգեր Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Միջազգային Բանաձեւերը»

April 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լիբանանի դէմ գործած իր յարձակումով` լիբանանեան հողերուն վերեւ ղրկած անօդաչու թռչող սարքով, փաստեց, որ խաղաղութեան մշակոյթ եւ խաղաղութիւն հաստատելու կամք չունի: «Հետեւաբար Նեթանիահու ջրեց անցեալ ամսուան ընթացքին Միւնիխի մէջ գումարուած ապահովական խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր կեցուածքը», ըսաւ Սարրաֆ:

Սարրաֆ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ յաճախ կրկնուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ Իսրայէլն է, որ չի յարգեր Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր հողերը, օդային ու ծովային սահմանները պաշտպանելու իր իրաւունքին, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծի երկայնքին, ուր Իսրայէլ վերսկսած է քարէ պատնէշի կառուցման աշխատանքին:

Սարրաֆ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին իսրայէլեան ուժերուն կատարած այս ոտնձգութիւններէն զգուշանալու: «Միջազգային ընտանիքը հրաւիրուած է ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները», հաստատեց Սարրաֆ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Լիբանանի Զօրակցութեան Խորհրդաժողովները Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Վարկերը Տրամադրելու Արդիւնաբերական Ծրագիրներուն

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.