Լիվըրփուլի միջնապահ Մոհամետ Սալահ նախորդ շաբաթ Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուներուն հետ ունեցած է բանակցութիւններ, կը յայտնէ «Տոն Պալոն»:
Աղբիւրին համաձայն, եգիպտացի ֆութպոլիստը պայմաններ ներկայացուցած է արքայական ակումբին:
Ան Ռէալ Մատրիտի հիմնական խումբին մէջ երաշխաւորուած տեղ պահանջած է, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի զգալի բարձրացում:
Ֆութպոլիստը կ՛ուզէ Ռէալի երկրորդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը դառնալ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք:
Ընթացիկ ախոյեանութեան, 25 տարեկան միջնապահը 31 մրցումի ընթացքին (Անգլիոյ ախոյեանութիւն) նշանակած է 29 կոլ:



