Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Արցախ Կրթական Համագործակցութիւնը Կը Զարգանայ

April 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրաւէրով Երեւան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան  նախարարութեան պատուիրակութիւնը` նախարար Նարինէ  Աղաբալեանի գլխաւորութեամբ: Երէկ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկու նախարարութիւններու ղեկավար կազմերու հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին նախարար Լ. Մկրտչեան ըսած է. «Մենք մեծ ակնկալիքներ ունինք մեր համագործակցութենէն, քանի որ Արցախը բաւական լուրջ կրթական կարողականութիւն ունի, երիտասարդութիւնը բացարձակօրէն նուիրուած է կրթութեան եւ գիտութեան: Արցախը կարեւոր քայլ առած է  դէպի որակեալ կրթութիւն, սակայն կրթութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ տակաւին բաւական ընելիքներ ունինք»:

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար, նշած է, որ այս հանդիպումին շնորհիւ աւելի կը յստականան երկու նախարարութիւններուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան քայլերը: «Պէտք է պարբերաբար հանդիպիլ, որպէսզի միասնաբար իրագործենք բոլոր այն բարեփոխումները, որոնք նախատեսուած են», ընդգծած է Աղաբալեան:

Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան պարգեւատրուած է արցախեան շարժումի 30-ամեակի յուշամետալով:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները Մեզի Համար Աւելի Կարեւոր Են, Քան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը» Կ՛ըսէ Լիպըրման

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Հրաւիրած Է Աշխատանքային Խորհրդակցութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.