Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ազգային խումբը կարեւոր նուաճումով մը վերադարձաւ Յորդանանէն, ուր աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Յորդանանին, հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեան:
Նախքան այս յաղթանակը, Լիբանան յաղթեց նաեւ Սուրիոյ (3-0) եւ Իրաքի (3-0):
Իր կարգին, աղջկանց 21 տարեկանէն վար ազգային խումբը տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելէ ետք յաջորդական երեք յաղթանակներ` Իրաքի (3-0), Յորդանանի (3-1), եւ Սուրիոյ (3-1) դէմ:
Իսկ աղջկանց կրտսերներու կազմը տիրացաւ երրորդ տիտղոսին` յաղթելէ ետք Յորդանանի (3-0), Պահրէյնի (3-1), եւ Սուրիոյ (3-0) եւ պարտուելով Իրաքէն (3-2):



