Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ Նշուեցաւ Ս. Յարութեան Տօնը

April 3, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 ապրիլին Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Սրբազան արարողութիւնը սկսաւ հայրապետական թափօրով, որ վեհարանէն Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանը ամպհովանիով առաջնորդեց դէպի մայր տաճար: Ս. Տրդատի կամարի եւ տաճարի զանգակատան առջեւ հոգեւորականներու թափօրին ծափողջոյններով դիմաւորեցին տօնին առիթով Մայր աթոռ հասած հարիւրաւոր ուխտաւորներ:

Հայրապետական ամպհովանին այս տարի կը կրէին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Ֆելիքս Փիրումեանը, Վանաձորի քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանը, Ապարանի քաղաքապետ Կարէն Եղիազարեանը եւ Սարդարապատի համայնքապետ Բաբգէն Վարդանեանը: Անոնց ընտրութիւնը կատարուած էր այս տարի տօնախմբուող մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով:

Ս. պատարագի ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեանը եւ Մայր աթոռի վարչական-տնտեսական բաժանմունքի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեանը:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ներկայ էին նաեւ նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Ազգային ժողովի  պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, Հայաստանի մէջ  հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ:

 

Նախորդը

Յարութեան Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Յարութիւնը Խաչի Զօրութեամբ Տարուած Յաղթանակն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Ապրիլեան Աւանդութեան Տրամաբանական Զարգացումը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.