Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էսթոնիոյ Վարչապետը Նախագահ Աունին Յայտնեց Իր Երկրին Յանձնառութիւնը` Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումին

March 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց էսթոնիոյ վարչապետ Ժուրի Ռաթասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող էսթոնական ջոկատին ծառայութիւնը` սահմանային անդորրութեան պահպանման եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանումին, յատկապէս տեղեկատուական մարզին վերաբերեալ` նկատի ունենալով այս իմաստով Էսթոնիոյ փորձառութիւնը:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ Էսթոնիա  մասնակցի միջազգային այն խորհրդաժողովներուն, որոնք կը գումարուին Լիբանանի զօրակցութեան նպատակով, յատկապէս «Սետր»-ի խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 6 ապրիլին, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին, որ յատկացուած պիտի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին քննարկումին:

Նախագահ Աուն գնահատեց նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Երուսաղէմի օրինական կացութեան մասին Էսթոնիոյ յայտարարած պաշտօնական կեցուածքը:

Իր կարգին, Ռաթաս նախագահ Աունին յայտնեց Էսթոնիոյ յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին: Ան նշեց, որ Էսթոնիա պիտի շարունակէ մաս կազմել  հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն` աւելցնելով, որ Էսթոնիա կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Ռաթաս բարձր գնահատեց սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած հիւրընկալութիւնը:

Ռաթաս այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-էսթոնական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Ռաթաս Հարիրիին յայտնեց, որ Էսթոնիա բարձր կը գնահատէ Լիբանանի կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն ցուցաբերուած սրտբաց հիւրընկալութիւնը:

 

Նախորդը

Յ. Թերզեան Կոչ Կ՛ուղղէ Քաջալերելու Լիբանանեան Արտադրութիւնները

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ 2018-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Իր Լիագումար Նիստը

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.