Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՑՐՈՒԷ «ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹԸ ԳՐԱՒԷ՛»-Ի ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ

November 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ոստիկանութիւնը ցուցարարներ կը ձերբակալէ

Նիւ Եորքի մէջ ոստիկանութիւնը երէկ արշալոյսին Զիւքոթի Փարքի մէջ «Ուոլ Սթրիթը գրաւէ՛» շարժումին նստացոյցը ցրուելու գործողութիւն մը շղթայազերծեց:

Նիւ Եորքի քաղաքապետի գրասենեակը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ յայտնեց, որ ցուցարարները պէտք է «ժամանակաւորապէս հեռանան եւ վերցնեն վրանները», սակայն պուրակի պարպուելէն ետք կրնան վերադառնալ: Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ «քաղաքը վճռած է, որ Զիւքոթի Փարքի երկարատեւ գրաւումը առողջապահական եւ հրդեհի հաւանականութեան հետզհետէ աճող վտանգ կը ներկայացնէ»:

Քալիֆորնիոյ Օքլընտ շրջանին մէջ այլ ճամբար մը երկուշաբթի գիշեր նոյնպիսի քայլով մը վերցուած էր: Ոստիկանութիւնը 33 ցուցարարներ ձերբակալած էր: Կիրակի օր Օրեկոնի Փորթլընտ շրջանին մէջ նստացոյցի ճամբար մը վերցնելու ընթացքին ոստիկանութիւնը 50 ցուցարարներ ձերբակալած էր:

«Ուոլ Սթրիթը գրաւէ՛» շարժումը ընթացք առաւ սեպտեմբերին` բողոքելու համար տնտեսական անհաւասարութեան դէմ: Շարժումին կազմակերպիչները կը յայտնեն, որ երկրին եկամուտին մեծամասնութիւնը կը գտնուի ձեռքը ամէնէն հարուստ խաւին, որ կը կազմէ բնակչութեան 1 առ հարիւրը, իսկ իրենք մնացեալ 99 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:

Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներու մէջ նոյնպիսի ճամբարներ գոյացան եւ «Ուոլ Սթրիթը գրաւէ՛» շարժումը տարածուեցաւ նաեւ Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ասիոյ մէջ:

Նախորդը

ԱԼԻԵՒ ՊՈՅՔՈԹԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԷ ԻՐ ՔՐՈՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Յաջորդը

«ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՎԱԽՆԱՐ ԵՒ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԱՆՈՆՑ ԴԷՄ ԴՆԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.