Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Եւ Եւրոպական Հարցերու Նախարարը

March 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիւքսամպուրկի  արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռն 27 մարտին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Ան նաեւ դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցի ունկնդիրներուն համար, ինչպէս նաեւ մասնակցած է Հայաստանի մէջ Լիւքսամպուրկի պատուոյ հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման արարողութեան:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է Ժան Ասելպոռնի մարդկային գիծերուն, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի վերաբերող հարցերուն մէջ անոր ունեցած անաչառ եւ սկզբունքային դիրքորոշումը,  ինչ որ պատճառ կը դառնայ զայն Հայաստանի բարեկամ նկատելու: Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ Հայաստան մեծապէս հետաքրքրուած է Լիւքսամպուրկի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու ամրապնդումով եւ զարգացումով: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, երկու երկիրներուն մէջ այս իմաստով բաւական մեծ ներուժ կայ, սակայն զայն բացայայտելու համար անհրաժեշտ է աշխուժացնել քաղաքական երկխօսութիւնը, զարգացնել օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ ընդլայնել իրաւապայմանագրային դաշտը:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ-լիւքսամպուրկեան յարաբերութիւններու ամրապնդումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, որ կարեւոր է փոխադարձ գործակցութեան զարգացման եւ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման առումով:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին:

Ժան Ասելպոռն յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին ու Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման:

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Արցախի տագնապին վերաբերեալ Լիւքսամպուրկի անկողմնակալ դիրքորոշումը եւ սատարումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ու մօտեցումներուն, որոնք համահունչ են նաեւ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր դիրքորոշումին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մեծապէս արժեւորած եւ երախտագիտութիւն յայտնած է Լիւքսամպուրկին` երկրի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման համար:

Հանդիպում Նաեւ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Հետ

Նախարար Նալբանդեանի հետ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք, կայացած է ընդլայնուած կազմերով տեսակցութիւն: Նալբանդեան դիտել տուած է, որ միջազգային համաժողովներու ծիրին մէջ կայացած բազմաթիւ հանդիպումներուն կողքին Հայաստան տրուած այս այցելութիւնը լաւ առիթ է շարունակելու քննարկումները երկկողմանի օրակարգի հարցերու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային ու շրջանային խնդիրներու շուրջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Լիւքսամպուրկին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող տարբեր առիթներու ցուցաբերուած դրական եւ օգտաշատ կեցուածքներուն համար:

Նախարար Ժան Ասելպոռն հաստատած է, որ իր երկիրը մեծապէս շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումով` դրական նկատելով Հայաստանի մէջ Լիւքսամպուրկի պատուոյ հիւպատոսութեան բացումը` մնայուն ներկայութեան ապահովման առումով:

Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման հարցերուն, միտքեր փոխանակած են հայ-լիւքսամպուրկեան գործարար համաժողովի կայացման կարելիութեան շուրջ: Հանդիպման օրակարգին վրայ եղած են իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու կազմակերպման, միջազգային հարթակներու վրայ` յատկապէս ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան սերտացման առնչուող հարցեր:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ժան Ասելպոռն հանգամանալից կերպով քննարկած են հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովի, արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովին, մնայուն խորհուրդի, նաեւ յարակից ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքները:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան:

Նախարարները քննարկած են միջխորհրդարանական կապերը, օրէնսդիր մարմիններուն մէջ գործող բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը:

Նախարար Նալբանդեան իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է Արցախի տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցով լուծելու ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Մինսքի խմբակի միացեալ  ջանքերը:

Հանդիպման աւարտին զոյգ նախարարները տուած են մամլոյ ասուլիս:

 

 

Նախորդը

Եգիպտոս Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Բաղդատած Է Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Յաջորդը

Ակնարկ. Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.