Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ՖՈՔՍ11»-Ի ԹԵՀՐԱՆ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷՐ

November 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Ֆոքս11» պատկերասփիւռի կայանը օրեր առաջ սփռած է Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի (Էֆ. Պի. Այ.) բացայայտած իրանեան դաւադրութեան մը մասին պատմող տեսանիւթ մը:

Դաւադրութեան ծիրին մէջ, որ կազմակերպուած էր Իրանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու կողմէ, իրանցի գործակալներ թմրեցուցիչներու մեքսիքացի վաճառականներու աջակցութեամբ կը ծրագրէին քաղաքական սպանութիւններ կատարել շարք մը երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ:

«Ազրպէյճանի մէջ 2012-ին կը ծրագրուէր երկու աղմկայարոյց ահաբեկչական գործողութիւն եւ մէկ քաղաքական սպանութիւն: Այդ ծրագրուած գործողութիւններուն նպատակն էր հասարակութեան մէջ ստեղծել իրարանցում, խուճապ եւ այլ բացասական ազդեցութիւններ», կը նշէ «Ֆոքս11»` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի մէջ կատարուելիք քաղաքական սպանութիւնը պատուիրած էին Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի շրջապատէն անձնաւորութիւններ:

«Ահաբեկչական գործողութիւնները պէտք է յառաջացնէին զանգուածային անկարգութիւններ եւ դժգոհութիւն: Երկրին մէջ կայունութիւնը պէտք էր խարխլէր: Եթէ գործակալներու ծրագիրները իրականանային, երկրի ղեկավարը պիտի կորսնցնէր իր հեղինակութիւնը եւ հրաժարական պիտի տար», կ՛ընդգծէ ամերիկեան լրատուամիջոցը:

«Իրանեան վարչակազմի ղեկավարները վստահ են, որ Իսրայէլ Ազրպէյճանի աջակցութեամբ աշխուժ կերպով Իրանի մասին հետախուզական տեղեկութիւններ կը հաւաքէ: Ահաբեկչական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Իրանը կոչով պիտի դիմէր ազրպէյճանցի «եղբայրներուն»` տապալելու գործող վարչակազմը», կը նշէ պատկերասփիւռի կայանը` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի մէջ քաոսային իրավիճակի ստեղծման գլխաւոր դերակատարներէն պիտի ըլլար լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան իրանեան թեւին` «Հըզպալլա Անսարի» կազմակերպութեան Թաւրիզի ներկայացուցչութեան գլխաւոր քարտուղար Հոճաթուլիսլամ Ռուհուլլա Պեճանին:

«Ամէն ինչ պիտի սկսէր Թաւրիզի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին դիմաց կազմակերպուելիք բողոքի զանգուածային ցոյցով», կը նշէ «Ֆոքս11»` տեղեկացնելով, որ նոյն դաւադրութեան ծիրին մէջ քաղաքական սպանութիւններ եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կը ծրագրուէին նաեւ Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մահափորձ կը ծրագրուէր երկրին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի դէմ: «Ֆոքս11» Թուրքիոյ մէջ ծրագրուած սպանութիւններու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու մասին տեսանիւթը պիտի սփռէ աւելի ուշ:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ – ԹԱՆԿՕ, ՕՐՀՆԵՐԳ ԿԱՄ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ

Յաջորդը

ԱԼԻԵՒ ՊՈՅՔՈԹԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԷ ԻՐ ՔՐՈՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.