Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եռուն Օրեր` Ուաշինկթընի Մէջ

March 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան Ուաշինկթըն այցելութիւնը ստուերի մէջ ձգած էր հազիւ քանի մը օր առաջ մայրաքաղաքը այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հայ անդամներու պատուիրակութիւնը:

Այս պատուիրակութեան այցը նոյնքան կարեւոր էր, որքան` Արցախի ներկայացուցիչներուն այցը: Արդարեւ, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը, իր կողքին ունենալով Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` Արմէն Աշոտեանը, Նայիրա Զոհրապեանը, Էտմոն Մարուքեանը եւ Աղուան Վարդանեանը, մարաթոնային հանդիպումներ ունեցաւ: Ասոնք ինքնաբերաբար կապ ունէին Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման հետ կապուած աշխատանքային խումբի նիստին հետ, մարտ 19-ին, որ կը գլխաւորէին Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Լայթիզըրը եւ հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեանը:

Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբը Ուաշինկթըն ժամանած էր լայնածաւալ եւ ընդարձակ թղթածրարով, որ կ՛ընդգրկէր զանազան բաժիններ` խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցումը, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, «Հազարամեակի մարտահրաւէր ընկերակցութեան» եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագրի մանրամասնութիւնները եւ, վերջապէս, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը: Աւելի՛ն. կարկինը լայն բանալով` քննարկուեցան Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգն ու շրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ` կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով կատարուող բարեփոխումներն ու դատական իշխանութեան անկախութեան ապահովման վերաբերող քայլերը, նաեւ` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:

Բնականաբար, Արցախի Հանրապետութեան այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան նաեւ զինադադարի եւ կայունութեան գործընթացին մէջ հիմնահարցի խաղաղ լուծման հեռանկարներն ու յատկապէս Ամերիկայի կարեւոր դերակատարութիւնը այս բնագաւառին մէջ:

Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան հետ մօտէն գործակցեցաւ Քոնկրեսի հայկական հարցերով զբաղող յանձնախումբը, որ յանձինս Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոնի` կոչ ուղղեց աջակցելու Արցախին եւ Հայաստանին 2019 ելեւմտական տարուան ընթացքին եօթանասուն միլիոն տոլարի օժանդակութեան թղթածրարին:

Հոս տեղին է մանրամասնել, որ յանձնախումբը մասնաւորաբար կ՛առաջարկէ վեց միլիոն տոլար տրամադրել Արցախին` ականազերծման եւ հաշմանդամներու օժանդակութեան համար, եւ չորս միլիոն տոլար` խաղաղութեան աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ երեսուն միլիոն տոլար Հայաստանին` իբրեւ տնտեսական օժանդակութիւն, տասը միլիոն տոլար` իբրեւ զինուորական օժանդակութիւն, քսան միլիոն տոլար` իբրեւ Միջին Արեւելքէն գաղթականներու ընդունման օժանդակութիւն:

Այս եռուն հանդիպումներէն ետք կը սպասուի առաջարկներու շուտափոյթ գործադրութիւնն ու անկէ բխելիք արդիւնքները:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ձիթենիի Ճիւղը` Մինչեւ Ո՞ւր

Յաջորդը

«Չինական Երազը» Եւ Հայաստանը (Մաս 2)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.