Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ձիթենիի Ճիւղը` Մինչեւ Ո՞ւր

March 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա Սուրիայէն Իրաք կ՛երկարէ ձիթենիի իր արիւնոտ ճիւղը: Աֆրինէն ետք արաբական այլ տարածքներ ենթակայ կ՛ըլլան թրքական բռնագրաւումին եւ հրթիռակոծումին: Անգարա կը յառաջանայ` իր երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան լոզունգները հնչեցնելով, միեւնոյն ատեն, սակայն, կոտորածի կ՛ենթարկէ քիւրտերը ողջ աշխարհին աչքին առջեւ: Այս իմաստով, Աֆրինի պատկերները կրնան կրկնուիլ նաեւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ, եւ  դէպքերու ընթացքին հետեւողը կը համոզուի, որ այս բոլորը կրնան իրականանալ առանց միջազգային կամ տարածաշրջանային լուրջ դատապարտումներու:

Այս թոհուբոհին մէջ, սակայն, կ՛անտեսուի՞ն տարածքներ գրաւելու եւ դրացի երկիրներու գերիշխանութիւնը ոտնակոխ ընելու Թուրքիոյ նկրտումները:

Վերջին շրջանին ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն մէջ Թուրքիոյ քայլը արդարացնող արտայայտութիւններ կը հնչեն: Ուաշինկթըն մէկ կողմէ կը հաստատէ, որ Թուրքիա իր ռազմավարական գործընկերն է, միւս կողմէ` համաձայն չի գտնուիր Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը պահանջող Թուրքիոյ առաջարկին, միեւնոյն ատեն, սակայն, արգելք չի հանդիսանար Աֆրինի մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» կոչուած գործողութեան: Փենթակոնի մամլոյ խօսնակին համաձայն, ԱՄՆ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նաեւ թրքական ուժերուն հետ Սուրիոյ մէջ բախում չունենալու համար:

Այս մօտեցումները մտածել կու տան, որ թրքական «Ձիթենիի ճիւղ»-ին դէպի Իրաք երկարիլը կը ծառայէ նաեւ ԱՄՆ-ի նպատակին` Պաղտատը, Դամասկոսը, Թեհրանը եւ Պէյրութը միացնող կապը խզելու: ԱՄՆ կրնայ աչք գոցել Թուրքիոյ այս թափանցումներուն ի տես` միայն իր շահերուն ծառայեցնելով զանոնք եւ ըստ կարելւոյն տկարացնելով Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Միւս կողմէ` տարածաշրջանի երկիրները բնականաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտեն շրջանին մէջ անկախութեան ձգտող որեւէ շարժում, ուստի դատապարտելով մէկտեղ Թուրքիոյ յառաջխաղացքը` իրենց երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը առաջնահերթութիւն պիտի համարեն, բնականաբար:

Ղութայի ազատագրումն ու սուրիական բանակին դէպի Իտլիպ ուղղուիլը երկրի տարածքին քայլ առ քայլ ազատագրումին կը ծառայեն: Սուրիա միեւնոյն ատեն կը դատապարտէ թրքական ներխուժումը, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ Թուրքիա անվստահելի է եւ սուրիական տարածքներ գրաւելու նկրտումներ ունեցած է մշտապէս:

Այլ հարթակի վրայ, ռուսական ներկայութիւնը կը կաշկանդէ Թուրքիոյ նկրտումները: Ռուսիա Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանն է տագնապի առաջին իսկ օրէն, ինչ որ անհաւանական կը դարձնէ Սուրիոյ մէջ տարածուելու Թուրքիոյ ձգտումներուն իրականացումը: Թուրքիա չէզոքացնել փորձելով քրտական գործօնը` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւններ յառաջացնելու, քրտաբնակ շրջաններուն մէջ իր սահմանին բնակութիւն հաստատած սուրիացի փախստականներ տեղադրելու փորձերուն կրնայ դիմել առաւելագոյն պարագային:

Այսուհանդերձ, Թուրքիա կը շարունակէ մնալ անվստահելի դերակատար` սուրիական տագնապի լուծման տարբեր փուլերուն:

Նախորդը

Խորագիրներէն Անդին… Գեղանկարիչը` Իր Գոյներով Եւ Իր Ուրոյն Աշխարհով

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եռուն Օրեր` Ուաշինկթընի Մէջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.