Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 35-Ամեակ. Դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի Կատարողութեամբ Երաժշտական Երեկոյ Եւ «Որոնում» Խտասալիկի Գինեձօն

March 27, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին առիթով երէկ` երկուշաբթի, 26 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` կատարողութեամբ դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի, ինչպէս նաեւ անոր խտասալիկին գինեձօնը:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ 2018-ի ընթացքին շարք մը ձեռնարկներու ճամբով պիտի նշուի երաժշտական քոլեճի հիմնադրութեան 35-ամեակը: Ան նշեց, որ այս ծիրին մէջ տեղի ունեցած առաջին ձեռնարկին ելոյթ ունեցած էր հայրենի օփերայի երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեան. ձեռնարկի ընթացքին մեկնարկը կատարուած էր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նորակազմ եռեակին, որ կազմուած է քոլեճի երեք ուսուցիչներէն, որոնցմէ երկուքը նաեւ քոլեճի շրջանաւարտներ են: Շարունակելով իր խօսքը` Էմմիեան ըսաւ, թէ 2-րդ ձեռնարկի ընթացքին պիտի ունկնդրենք քոլեճի շրջանաւարտներէն եւ նախկին ուսուցիչներէն, այժմ իր երաժշտական ասպարէզը Գերմանիոյ մէջ շարունակող Մարի Աւետիս Եսայեանի յօրինումներէն փունջ մը` աւելցնելով, որ  Եսայեան Լիբանանի եւ Գերմանիոյ մէջ ունեցած է մենահամերգներ եւ սենեկային խումբերու հետ զանազան ելոյթներ: Անդրադառնալով անոր 2-րդ խտասալիկին` Էմմիեան ըսաւ, որ խտասալիկի խորագիրն է «Որոնում», որուն կողքին վրայ բացատրուած է, թէ իբրեւ տարիներէ ի վեր Գերմանիա բնակող լիբանանահայ դաշնակահար, խտասալիկը կը ներկայացնէ Մարի Աւետիս Եսայեանի արմատներուն, ինքնութեան եւ երաժշտական կեանքի իմաստի փնտռտուք մը: Էմմիեան յայտնեց, որ խտասալիկին մէջ կը տողանցեն ընկճուածութիւնը, տխրութիւնը եւ ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ գուրգուրանքի զգացումները:

Մարի Աւետիս Եսայեան իր սրտի խօսքին մէջ յուզումով  ըսաւ, թէ իր այս այցելութեամբ յիշած է 35 տարի առաջուան երաժշտանոցը, ուր կը հաւաքուէին, եւ անիկա պատերազմի ժամանակ իրենց ջերմութիւն պարգեւող  յոյսն էր: «Ինչ որ Գերմանիոյ մէջ կը փնտռէի, իրականութեան մէջ այս երաժշտանոցին մէջն է: Իմ մէջս հին յիշատակներ արթնցան եւ մեծ կարօտ մը զգացի: Օտար երկիրներու մէջ այդ ջերմութիւնը եւ տաքութիւնը չենք գտներ», շեշտեց Մարի Աւետիս Եսայեան եւ անդրադառնալով իր խտասալիկին ըսաւ, ատիկա իրեն համար փնտռտուք մըն էր: Ինք Լիբանանի մէջ կը նուագէր միայն դասական երաժշտութիւն ու խորացած էր անոր մէջ եւ չէ ուզած հայկական երաժշտութիւն նուագել, սակայն երբ Գերմանիա ճամբորդած է ուսանելու, զգացած է, որ բան մը կը պակսի իր մօտ եւ սկսած է փնտռել: Ան որոշ ժամանակ մը հեռացած է դասական երաժշտութենէն, ծանօթացած է հայ թաւջութակահարի մը, եւ սկսած են միասին հայկական երաժշտութիւն նուագել եւ ժողովրդական երաժշտութիւն ներկայացնել:

Այնուհետեւ Մարի Աւետիս Եսայեան հմտութեամբ  մեկնաբանեց իր յօրինումներէն «Զեփիւռ», «Աշնանային/սեպտեմբեր/նոյեմբեր», «Կարօտ», «Արձագանգներ», «Երգ առանց խօսքի», «Օրօր», «Լունայի վալսը», «Յոյսի զանգեր» երաժշտական կտորները, որոնք արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ «Որոնում» խտասալիկին գինեձօնը, իսկ սրահի մուտքին տեղադրուած էին խտասալիկէն օրինակներ, որոնցմէ գոյանալիք գումարը հեղինակին փափաքով ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի քոլեճին:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1921) Մամուլի Թուայնացուած Օրինակները` Մայիսին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը

November 5, 2026
«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով
Գաղութային

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.