Ծաղկազարդը Բարեբեր Եղաւ ՀՄԸՄ-ին
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը կրկին նուաճեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանի տիտղոսը, երէկ կէսօրէ ետք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած աւարտական երրորդ մրցումն ալ յաղթելով: Այսօրուան ճակատումը եւս վերջ գտաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` այս անգամ 83- 46 արդիւնքով:
Նոյնպէս տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի` գագաթի ճակատումը, ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ:Այս մրցումը եւս վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի շռնդալից յաղթանակով. 98-69 (24-14, 51-27, 72-51, 98-69):
ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը այս յաղթանակով ամրապնդեց ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի իր դիրքը:
Կրկնելու գնով ըսենք, որ կերտուած այս յաղթանակներուն մէջ մեծ էր բաժինը ՀՄԸՄ-ի աննման համակիրներուն, որոնցմէ շատեր արդէն իսկ կէսօրին հասած էին խաղավայր…





