Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ իր երկիրը նախկին ռուս լրտես Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորման շուրջ հետաքննութեան հարցով կը նախընտրէ ռուս փորձագէտներէն առաջ գործակցիլ Քիմիական զէնքերու տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան փորձագէտներուն հետ:
Ան գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Քիմիական զէնքերու տարածման կանխարգիլման փորձագէտներուն կը վստահինք… տեսնենք ի՛նչ կ՛եզրակացնեն»:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը Սքրիփալի եւ անոր դստեր` Սալզպըրիի մէջ այս ամսուան սկիզբը թունաւորումին համար վերստին ամբաստանեց Ռուսիան` նշելով, որ մեծ կասկածանքով կ՛ընկալէ օգտագործուած թունաւոր «Նովաչուք» նիւթին հետ առնչութեան Մոսկուայի հերքումը:
Ան յայտնեց, որ այդ նիւթին նկատմամբ Մոսկուայի կեցուածքը «հետզհետէ աւելի զարմանալի կը դառնայ»:



