Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ կայ սկզբունքային եւ ռազմավարական համախոհութիւն` աւելցնելով, որ Պըրրիի հետ քննարկած է 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ տարբեր ընտրաշրջաններուն վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները:
Ռաատ յայտնեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է նաեւ վաղը` կիրակի, 25 մարտին, Նապաթիէի մէջ Յոյսի եւ հաւատարմութեան հարաւային Լիբանանի ընտրացանկերուն յայտարարութեան մանրամասնութիւնները:
Ռաատ նշեց նաեւ, որ այս իմաստով Պըրրի իր խորհուրդները փոխանցած է` իբրեւ երէց եղբայր մը, որ յանձնառու կը մնայ Դիմադրութեան մարտիկներուն նկատմամբ յարգանքին եւ հայրենիքին բարգաւաճման:
Շրջանին մէջ ապահովական զարգացումներուն պատճառով երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու հաւանականութեան առումով Ռաատ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրականութիւն են այլեւս եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք ջնջել: Ան աւելցուց, որ իրենց համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները գրեթէ յստակ են եւ իրենց ակնկալութիւնները կը բաւարարեն:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահիի հետ, ինչպէս նաեւ ողջունեց Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասն ու Համասի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Իսմայէլ Հանիէն` երկխօսութեան վերսկսելու առումով:



