Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

November 16, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՄՍԵՐ

ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐՆԵ՞Ր ԹԷ՞ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐ

Խ. Միութեան վարչապետ  Խրուշչեւ ահաւոր խոստովանութիւն մը ըրաւ Համայնավար կուսակցութեան 22-րդ համագումարին մէջ: Յայտարարութիւն մը, որ անգամ մը յիշուեցաւ մամուլին մէջ եւ արդէն քանի մը օրէն կը մոռցուի… Ո՞վ միտքը կը պահէ ամէնէն ապշեցուցիչ լուրերն իսկ:

Այդ անմոռանալի լուրը Խրուշչեւի այն յայտարարութիւնն էր, թէ Ստալինի բռնակալութեան շրջանին «ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԱՆՄԵՂՆԵՐ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՆ»:

Ազատ աշխարհը, նաեւ խորհրդայինը` անշուշտ, տեղեակ էին այդ կոտորածներէն, սակայն Խրուշչեւ կուսակցութեան գերագոյն ժողովին առջեւ պաշտօնապէս կը վաւերացնէր անոնց գոյութիւնը:

Չըրչիլ իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ Ստալին իսկ խոստովանած էր այդ մասին, նոյնիսկ ձեռքի մատներով հասկցուցած էր,  թէ մօտ տասը միլիոն մարդիկ զոհ գացած են խորհրդային իշխանութեան պարտադրած զանազան օրէնքներուն, ինչպէս` հողերու բռնի համայնացումը, պարտադիր աշխատանքներու կատարում, «կասկածելին»երու տեղահանութիւն եւ այլն, եւ այլն:

Ստալին պատմած է, որ երբ խեղճ գիւղացիները ժողովի կը հրաւիրուէին, ու անոնց կը թելադրուէր իրենց հողերը միացնել հաւաքական ագարակներուն` կոլխոզներուն, անոնք կը պատասխանէին.

– Երթանք տուն, խորհրդակցինք մեր կիներուն հետ:

Այս խորհրդակցութիւնները քիչ մը երկար կը տեւէին անշուշտ, ո՞ր գիւղացին կ՛ուզէր իր ունեցած-չունեցածով ճորտը դառնալ պետութեան:

Սակայն «Բանուորա-գիւղացիական ազատ կառավարութիւնը» որոշած էր գիւղացին ճորտի վերածել: Եւ գործադրեց ատիկա` դիմելով ամէնէն անմարդկային միջոցներուն:

Այսօր Խրուշչեւ պաշտօնապէս կը խոստովանի «հարիւր հազարաւոր անմեղներու սպանութիւնը» ի՛ր իսկ մասնակցած այդ վարչաձեւին երկաթէ ձեռքով:

Իսկ Ստալին խոստովանած էր տասնեակ մը միլիոն զոհեր…

Ազատ աշխարհը պէտք չէ մոռնայ այս աներեւակայելի ոճիրները` թոյլ չտալով, որ օ՛ր մը միայն յիշուին անոնք թերթերու մէջ, եւ «մնացածը` լռութիւն» դառնայ:

… Ուր օր մըն ալ մարդիկ ըսեն.- Իրա՞ւ եղած են անանկ բաներ: Ճիշդը ըսելով` մենք թերթերուն ամէն բանը չենք կարդար: Պէյզ-պոլի բաժինը շատ կը սիրենք, մէյ մըն ալ` թի-վի փրոկրամը:

Յիշել եւ յիշեցնել` անգութ պոլշեւիզմի միլիոնաւոր զոհերը: Յարգա՛նք, անոնց յաւիտենական յիշատակին:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Նախորդը

Օդերեւոյթ (16 նոյեմբեր 2011)

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.