Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եաագուպ Սարրաֆ Կը Հաստատէ Երկրին Սահմաններն Ու Բնական Հարստութիւնները Պաշտպանելու Լիբանանեան Բանակին Կարողութիւնը

March 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրլանտայի պաշտպանութեան նախարար Փոլ Քեհոյի հետ, որ երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Լիբանան եւ Նահատակաց յուշարձանին զետեղած ծաղկեպսակ մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սարրաֆ եւ Քեհոյ ընդգծեցին երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս զինուորական բնագաւառին մէջ:

Ապա Սարրաֆ իրլանտացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը տապալած է ահաբեկչութիւնը, կը պաշտպանէ երկրին սահմանները, կը գործակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ, ինչպէս նաեւ կը պահպանէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Սարրաֆ շեշտեց, որ բանակը կազմ ու պատրաստ է յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու:

Ան ընդգծեց, որ բանակը կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ ի վիճակի է իր երկրին սահմանները, նաւթն ու բնական հարստութիւնները պաշտպանելու:

Իր կարգին, Քեհոյ շեշտեց, որ Իրլանտայի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան` հաստատելով, որ Իրլանտա պատրաստ է լիբանանեան բանակին օժանդակելու` մարզումներով եւ փորձառութեան փոխանակումով:

Քեհոյ շեշտեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Իրլանտա համաձայն է զինուորական բնագաւառին մէջ Լիբանանի հետ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրելու:

Նշենք, որ Քեհոյ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

 

 

Նախորդը

Քանաանի Նախագահած Յանձնախումբը Շարունակեց Վաւերացնել Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

Յաջորդը

Լիբանանի Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Ընդհանուր Նիստ. Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Ներկայացուց Իր Նախագահած Յանձնախումբին Աշխատանքային Ուղեգիծը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.