Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն վարչութիւնները:
Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը նախարարութիւններու վարչութիւններուն հետ վաւերացուցած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն պիւտճէները:
Քանաան հաստատեց, որ բնակարանային վարկեր յատկացնելու օրէնքին կասեցումը ընդունելի չէ, «որովհետեւ անիկա կը սպառնայ քաղաքացիներուն բնակութեան եւ յանձնառութիւններուն, իսկ ո՛վ որ բնակարանային վարկ ստանալու համաձայնութեան արժանացած է, պէտք է իր վարկը ստանայ», ըսաւ Քանաան:



