Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

March 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՒԼԻՍԵԱՆ պատերազմին մասին «Ուիքիլիքս» կայքէջին հրապարակած բացայայտումներուն համաձայն յայտնուեցաւ հետեւեալը.

– Օրին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Կիր Փետերսոն շեշտած է, որ Հըզպալլայի զինուորական թեւը քանդելով կարելի է տիրանալ Լիբանանին:

– Երեսփոխաններ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մարուան Համատէ շեշտեցին, որ աւելի հզօր Լիբանան մը կերտելու համար անհրաժեշտ է Իրանի հետ անոր յարաբերութիւնները տկարացնել:

– Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտած է, որ Հըզպալլայի յաղթանակը Լիբանանի համար փորձանք մը պիտի ըլլայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէկ կարեւոր օղակը կը կազմէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի մեկնեցաւ Յորդանան` մասնակցելու համար իսլամական համագումարի մը: Նախքան իր մեկնումը, ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ցեխարձակումները վերջ գտնեն:

ԸՍՏ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, իրենց սկսած պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան նուիրեց օդանաւերու համար օգտագործուող ելեկտրական աստիճան մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԶՕՐ. Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջուած է ինքզինք ընդունիլ իբրեւ սէուտցի քաղաքացի մը, որ կը բնակի Լիբանանի մէջ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի կազմուի: Միւս կողմէ, նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ Հըզպալլա զօր. Աունի վրայ ճնշում չի բանեցներ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ եւ Քանատայի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Փարիզէն վերադարձաւ Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ Փարիզի վրայով մեկնեցաւ Նիւ Եորք:

 

 

 

 

Նախորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԱԿԱՕԴԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

Յաջորդը

«ՄԵՆՔ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԵՒ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ, ՈՐ ՄԻԱՅՆ ԱՆ ԶԷՆՔ ՈՒՆԵՆԱՅ» ԸՍԱՒ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱՀՀԱԼ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.