Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (17 Մարտ 2018)

March 17, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի հիմնադրութեան 35-ամեակին առիթով, յատուկ հաղորդում` երաժշտանոցի իրագործումներուն, շրջանաւարտներուն եւ այսօրուան գործունէութեան մասին:

Հաղորդումը կը ներկայացուի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին եւ ուղղակիօրէն կը սփռուի «Վանայ Ձայն»-էն:

—————————————-

«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏ

ԿՈՉ

Սիրելի՛ հայրենակից,

«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 42 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ երեք ամիսներէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ կը տառապի:

Ան լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:

Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 255.000 եւրօ:

Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:

Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք, սիրելի՛ հայրենակիցներ` լիայոյս ըլլալով, որ պիտի ընդառաջէք «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտի կոչին:

Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը փրկած պիտի ըլլաք:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

—————————————-

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ Ս. ԱՋԵՐՈՒ ԹԱՓՕՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին եւ Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.

12-17 ՄԱՐՏ

. Ամէն օր երեկոյեան հսկում` ժամը 5:00-ին:

. Շաբաթ, 17 մարտին Ս. եւ անմահ պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

. Շաբաթ, 17 մարտին Հսկումի արարողութիւն` երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՄԱՐՏ

Պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն պիտի հետեւի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով գլխաւորուած սրբազան մասունքներու թափօրը` Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ` մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ քահանայից դասուն:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին

Արարողութեանց եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ս. եւ անմահ պատարագին երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, մայր տաճարին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն, որմէ ետք հաւատացեալներ աջահամբոյրով պիտի ստանան Ս. Լուսաւորիչի Աջին օրհնութիւնը` զօրացնելու համար իրենց լուսաւորչահաստատ հաւատքը:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի տօնին, Կաթողիկոսարանի ուխտի օրուան եւ մասունքներու թափօրին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————-

ՈՒԽՏԻ ՕՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ

Կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին առիթով, բարձր հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով ու սուրբերու նշխարներով հանդիսաւոր թափօր:

Իւրայատուկ այս առիթով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ մասնակցութիւն բերելու Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք սուրբ պատարագին եւ հանդիսաւոր թափօրին:

Այս առիթով կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագը պիտի աւարտի ժամը 10:00-ին, որպէսզի ժողովուրդը ուղղուի դէպի Անթիլիասի մայրավանքը:

Դիւրացնելու համար թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին դէպի Անթիլիաս երթեւեկը, վերոյիշեալ վայրերուն մէջ տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք դէպի Անթիլիաս պիտի ուղղուին առաւօտեան ժամը 10:00-ին.

1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
3.- Ս. Գէորգ եկեղեցի (Հաճըն)
4.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
5.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
7.- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
8.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
9.- Լէյլաւան, Ֆանար
10.- «Էհլան» կեդրոն, Ռաուտա

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱԶՆԻՒ ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 9։30-ին

—————————————-

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»    

Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Այս շաբթուան մասնակից վարժարաններն են`

1.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
2.- Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան
3.- ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան
4.- Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան

Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:

—————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
«Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
35-ԱՄԵԱԿ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Մասնակցութեամբ`

ՍԹԵՖԱՆԻ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ (սոփրանօ)
եւ
Համազգայինի երաժշտանոցի եռեակին
Ջութակ` ՅՈՎԻԿ ԳԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
Թաւջութակ` ՆԱՅԻՐԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դաշնակ` ՍԻՐՎԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ-ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ, Պուրճ Համուտ:

—————————————

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Դասախօսական 4-րդ շարքին վեցերորդը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Նիւթ`

«ԿՆՈՋԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Դասախօս`

ՏՈՔԹ. ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ
(Կիներու եւ ծննդաբերութեանց մասնագէտ)

—————————————-

Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Տէր եւ տիկին Արթին Արսլանեան 900 ամ. տոլար

—————————————-

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

«Բագին» Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր  2017
ԾԶ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 4

– Խմբագրական
– Կամուրջ    |   ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ
– Մեղուներ պահող աղջիկը    |   ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
– Վտանգաւոր տուփը    |   ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
– Սեւ այրի – մ.-ին  – է.-ի հետ խաղալիս  |   ԱՐԱՄ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ
– Պատկեր  –  Նկատում – Մտերմիկ Հայքու – Մատթէոս Զարիֆեանին |    ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
– Գեղարուեստական արձակի արուեստը    |   ՎԻԳԷՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆ
– Հենրի Ճէյմզէն ետք վէպերը երբեք այլեւս նոյնը չեղան    |   ՃՈՆ ՊԱՆՎԻԼ
– Հատուածներ The Portrait of a Lady-ի  նախաբանէն (1908)    |   ՀԵՆՐԻ ՃԷՅՄԶ
– Սեպհական – Քովնտի մարդ                    |   ՃԷՍԻ ԱՐԼԷՆ
– Զապէլ Եսայեանի անտիպ նամակները Արամ Անտոնեանին
(1921-1934 թթ.) Բ.    |   ՄԻՀՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
– Ո՞վ է կրկնագիր մարդը    |   ՆԱԹԱԼԻ ՆԱԶԻԿ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
– Հայերէն տառերու լատինացումի փորձեր 1930-ական թուականներուն    |   ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
– Ես օգտագործում եմ  լուսանկարը` խնդիր բարձրացնելու համար    |   ԳԱՐՈԼԻՆԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

* Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրատարած կամ «Բագին»-ի խմբագրատուն: 

—————————————-

ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Նորակառոյց, 7 յարկանի շէնք, իւրաքանչիւր յարկ մէկ յարկաբաժին, 210 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, ընդարձակ խոհանոց, սպասուհիի սենեակ, լայն պատշգամներ, մթերանոց + ջրհոր + անձնական կառատուն:

Գեղատեսիլ դիրք:

Հասցէ Զալքա, «Պիպլոս» դրամատան անկիւնադարձէն վեր, Հարպոյեան շէնքերու կից:

Դիմել` հեռաձայն 01-324172 կամ 76-568201 թիւերուն:

—————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ժեհթաուի, «Սէն Մարք»-էն առաջ, մայր պողոտայի վրայ: 2 ննջասենեակ, ճաշասենեակ, հիւրասենեակ + 2 բաղնիք + 3 պատշգամ: 2-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք: Դիմել` հեռ. 70-170408:

—————————————-

 ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:

—————————————-

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ

. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

19 ՄԱՅԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

15 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Սաժես – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (27 Հոկտեմբեր 2026)

October 27, 2026
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (24 Հոկտեմբեր 2026)

October 24, 2026
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (22 Հոկտեմբեր 2026)

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.