Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մարդ արարածը կրնայ (գրեթէ) ամէն ինչ ընել անասուններուն նման. քալել` կապիկի մը նման, ցատկել ագեվազի մը նման, վազել` ընձառիւծի մը նման, լողալ` դլփինի մը նման… Սակայն կայ նաեւ վերջին երազ մը` թռչիլ թռչունի մը նման:
Հաւանաբար ծանօթ էք Իքարիւսի առասպելին: Այս առասպելական հերոսը կրցաւ թռչիլ երկնքին մէջ` շնորհիւ մոմէ շինուած թեւերու: Սակայն անոր պատմութիւնը տխուր վերջացաւ, երբ անոր թեւերը արեւուն տաքութենէն հալեցան եւ Իքարիւս ծովուն մէջ իյնալով` խեղդուեցաւ:
Հին ժամանակներէն արդէն թռչիլը մարդ արարածին ամէնէն մեծ երազանքներէն մէկը եղած է: Կեղծ թեւերով թռչող տեսակաւոր սարքեր շինուած են այդ նպատակին համար` ոչ միշտ յաջողութիւն գտնելով: Այժմ մենք տեսակաւոր միջոցներ ունինք օդ բարձրանալու համար. անշուշտ, առաջին հերթին, օդանաւը, անկարգելը, ուինկսութը (այս տարազը, որուն շնորհիւ` կարելի է օդին մէջ սաւառնիլ…): Սակայն, դժբախտաբար, մենք բնաւ պիտի չկարենանք թռչիլ` պարզապէս մեր մարմնին ուղղութիւն եւ ուժ տալով: Սակայն ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս թռչունները կրնան շատ դիւրութեամբ թռչիլ եւ ոչ` մենք:
***
Մեզի համար թռչիլը հմայիչ կարողութիւն կը թուի: Շատերը կ՛երազեն արծիւի մը նման ազատ թռչիլ օդին մէջ եւ աշխարհը տեսնել վերերէն: Այս գրաւիչ գաղափարը կարգ մը արուեստագէտներու միտքը գրգռած է, եւ անոնք հետաքրքրական գաղափարներ յղացած են: Ինչպէս, օրինակի համար, հոլանտացի արուեստագէտ մը, որ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ ճարտարագէտ եւ համացանցի վրայ մանրամասնութեամբ բացատրած է, թէ ինչպէ՛ս ինք յաջողած է շինել թռչուններու թեւերէն ներշնչուած եւ ելեկտրոնային դրութեամբ օժտուած թեւեր: Այս դէպքը պատահած է 2012 թուականին. ամէն մարդ հաւատացած է… մինչեւ որ բացայայտուած է, թէ լուրը պարզապէս կատակ մըն էր եւ` գեղարուեստական մօտեցում մը:
Թռչունները պիտի շարունակեն մեծ հմայք յառաջացնել մարդոց մօտ եւ մեզ զարմացնել` իրենց անհաւատալի կարողութիւններով:
***
Թռչելու Համար Կազմուած Մարմին Մը
Թռչուններուն գաղտնիքը շատ պարզ է: Անոնց մարմնին մէջ ամէն ինչ նախատեսուած է օդին մէջ իրենց պտոյտներուն համար: Առաջին կարգին` անոնց կմախքը, որ շատ աւելի թեթեւ է, քան մեր կմախքը` մեր մարմնին բաղդատած: Ասոր կողքին, անոնց ոսկորները պարապ են, եւ անցքերը` օդով լեցուն (ինչպէս` մեր քիթին մէջի սինիւսները շրջապատող ոսկորները), թռչուններու պարագային, անոնց բոլոր ոսկորները այդ յատկութիւնը ունին: Անոնց թոքերն ալ շատ տարբեր են մարդոց թոքերէն. անոնք ճկուն չեն, սակայն այս թոքերուն կողքին, թռչունները ունին փոքրիկ, կակուղ գրպաններ, որոնք կրնան անդադար ամբարել թթուածին եւ ամբողջովին դուրս թափել իրենց շնչած տայօքսիճինը: Այս ձեւով, անոնք չեն վախնար թռչելու բարձրերը եւ չեն մտահոգուիր թթուածինի պակասով:
Թռչունները ունին նաեւ անհաւատալի ուժ եւ առոյգութիւն` շնորհիւ իրենց հզօր մկաններուն: Անոնք ունին մեզմէ նուազ մկաններ (հարիւր եօթանասունհինգ), մինչ մարդ արարածը ունի վեց հարիւր քառասուն: Սակայն թռչուններուն մկանները շատ լաւ մարզուած են, յատկապէս` սրտին եւ թոքերուն, ինչպէս նաեւ ողնայարին շուրջի մկանները: Այս ձեւով, անոնք կրնան ցատկել իրենց թռիչքը սկսելու համար եւ շարունակել բարձրանալ օդերուն մէջ:
Վերջապէս, թռչունները կրնան զգալ օդին տատանումները: Յաճախ մենք կը մտածենք, թէ կարելի՞ է թռչիլ` հանգչելով օդի կոյտի մը վրայ, սակայն ասիկա ճիշդ չէ: Թռչելու համար պէտք է օդին թոյլ տաք իր տատանումներուն հետ տանիլ: Թռչունները օդի այս տատանումները կը զգան եւ, հետեւաբար, կրնան անոնց հետեւիլ: Այդ փոքրիկ թռչունին մէջ շատ «թեքնոլոժի» կայ:
Հետաքրքրական
Գիտէի՞ր, որ առաջին օդանաւային թռիչքը հազիւ ներկայ ճամբորդական օդանաւի մը երկարութեան կէսն էր:
***
1903 թուականին Նորթ Քարոլայնայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, Քիլ Տէվըլ Հիլզ բլուրին վրայ Օրուիլ Ռայթ կատարեց առաջին յաջող օդանաւային թռիչքը, մինչ անոր եղբայրը` Ուիլպըր կը դիտէր վարէն: 12 երկվայրկեան տեւած Ռայթ Ֆլայըրի թռիչքը կտրեց միայն 36,5 մեթր… արդի Պոինկ 747-8I օդանաւի մը երկարութեան կէսէն պակաս:
***
Ռայթ Ֆլայըրի օդանաւը կը կշռէր միայն 274 քիլօ: Անոր շարժակը (մոթոր) ունէր 12 ձիուժ, նուազ քան` ներկայի ընտանեկան ինքնաշարժի մը շարժակին ուժին մէկ վեցերորդը:
Աշխարհին Շուրջ.
Մանուկներու Յատուկ Կարասիներ`
Վերամշակուած Կերպընկալէ
Պելճիքայի մէջ 10 խաղալիքներէն 9-ը կերպընկալէ են: Այս խաղալիքներուն մեծ մասը 6 ամսուան կեանք ունի միայն. հետեւաբար 10 կերպընկալէ խաղալիքներէն ութը կը նետուին աղբին մէջ:
Որպէսզի այս կերպընկալէ առարկաները բնութիւնը չապականեն, Ճորիս եւ Վանեսսա մտածած են երկրորդ կեանք մը տալ այս խաղալիքներուն: Այս խաղալիքները վերամշակելով` անոնք շինած են սեղաններ, աթոռներ, լուսամփոփներ… կահաւորելու եւ զարդարելու համար մանուկներուն սենեակները:
Անոնք նոյնիսկ գացած են դպրոցներ` հաւաքելու համար կերպընկալէ խաղալիքներ, որոնք լքուած են մանուկներուն կողմէ: Այս առիթը օգտագործելով անոնք կը խօսին նաեւ վերամշակումի կարեւորութեան մասին` մոլորակին պահպանումին համար:
Պարապութեան Մէջ Գծել
«Էփըլ» վաճառանիշը ստեղծած է համակարգիչ գրիչ մը, որ կրնայ «զգալ» շարժումները` առանց որեւէ հպումի` հաստատուն մակերեսի մը: Այսինքն ան կրնայ գրել կամ գծել օդին մէջ: Պարապութեան մէջ այս գրութիւնը կարելի է` շնորհիւ համակարգիչի մը պաստառին վրայ դրուած յատուկ քամերաներու: Այս ձեւով գծագրութիւնը ետքը կը յայտնուի պաստառին վրայ:
Ամէնէն Բարձր
Փայտէ Երկնաքերը
«Սումիթոմօ Ֆորեսթրի» ճափոնական ընկերութիւնը պիտի սկսի շինել 350 մեթր բարձրութեամբ երկնաքեր մը` Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի կեդրոնը: Սակայն այս երկնաքերը նման պիտի չըլլայ միւս երկնաքերերուն: Շէնքը գրեթէ ամբողջովին շինուած պիտի ըլլայ փայտէ եւ պիտի կարենայ տոկալ երկրաշարժերու:
Երբ անոր շինութիւնը աւարտի, անիկա պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն բարձր փայտէ երկնաքերը: Շատ աւելի բարձր` քան Վանքուվըրի մէջ, Քանատա, 18 յարկանի, 35 մեթր բարձրութեամբ «Պրոք քամընզ թոլուուտ հաուս» շէնքը:
Լեկոներու Վրայէն Քալել
Լեկոները մանուկներուն կողմէ շատ սիրուած շինութեան փոքրիկ կտորներ են, որոնք յաճախ գետինները կը թափթփուին եւ մեծ ցաւ կը պատճառեն անոնց վրայէն անուշադիր քալողներուն:
Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս «մարզաձեւը», որ բաւական ծանօթ է յատկապէս փոքր տարիքի երեխաներ ունեցող ծնողներուն, մրցանիշի առարկայ դարձած է:
Լեկոներու քարերու վրայէն բոպիկ քալելու մրցանիշը 29,4 մեթր էր: Սակայն այս ամիս Թայլըր այդ մրցանիշը կոտրեց` բոպիկ ոտքերով քալելով 44,7 մեթր երկարութեամբ լեկոներու քարերու գիծի մը վրայէն:
Ժամանց













