Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Բ.- Ո՛վ Ի՞նչ Կորսնցուց Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն Չեղեալ Հռչակումով

March 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 մարտին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ գերպետութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները չեղեալ հռչակեց:

Հայաստանի նախագահը նախորդ տարուան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովին յայտնած էր ստորագրութիւններու ընթացակարգը դադրեցնելու Երեւանի մտադրութիւնը` նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ այս ուղղութեամբ դրական տեղաշարժի բացակայութիւնը, իսկ 17 փետրուարին Միւնիխի Ապահովութեան վեհաժողովին հաստատած էր, որ` «Հայ-թրքական արձանագրութիւններու բանակցութիւնը կատարուած էր` մեկնելով օրուան պայմաններէն: Եթէ Թուրքիան կ՛ուզէ սպասել այլ պայմաններու, եւ ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, չարաչար կը սխալի: Նոր պայմաններու լոյսին տակ բանակցութիւններ կարելի է սկսիլ նոր փաստաթուղթի շուրջ». ապա յայտնած էր, որ այս տարուան գարունը կը թեւակոխենք առանց բանակցութիւններու:

Նախագահ Սարգսեանի այս յայտարարութիւնները յստակ կը դարձնէին արդէն, որ Երեւանը ճնշումի ենթարկելով զիջումներ ակնկալելու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը դրացի երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորումին չի ծառայեր: Միւս կողմէ, Երեւան, դրականօրէն գնահատելով քաղաքական վերջին զարգացումներն ու Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը, շրջափակումը յաղթահարելու իր ուրոյն քաղաքականութիւնը կը մշակէր ե՛ւ զարգացնելով ԵՏՄ-ի ու Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները, ե՛ւ միջազգային օրէնքներու ծիրէն ներս ամէն ջանք ի գործ դնելով Արցախի միջազգային ճանաչումի ապահովման համար: Իսկ վերջերս Հայաստան Ծոց-Սեւ ծով փոխադրութեան տարանցիկ միջանցքի ստեղծման շուրջ բանակցութիւն սկսած էր վարել 4 պետութիւններու` Վրաստանի, Իրանի, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի հետ` ցամաքային եւ ծովային փոխադրումներով դէպի միջազգային շուկաներ բացուելու, այսպիսով կարենալ յաղթահարել Թուրքիոյ պարտադրած շրջափակումը եւ տարածաշրջանին մէջ փոխադրութեան ոլորտի այլընտրանքային տարբերակ հանդիսանալու` շարք մը երկիրներու համար:

Արձանագրութիւններու չեղեալ հռչակումը դրական արձագանգ գտաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Արձանագրութիւններուն դէմ ՀՅԴ-ի սկսած ու համաժողովրդային տարողութիւն ստացած «Ոչ»-ի շարժումը իր արդիւնքը տուաւ վերջապէս, միաժամանակ, սակայն, ե՛ւ ՀՀ պետական պաշտօնական կողմերը ե՛ւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բոլորովին չբացառեցին յառաջիկային Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ սկսելու կարելիութիւնը ` աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններու լոյսին տակ, առանց նախապայմաններու:

Արձանագրութիւններու ապարդիւն ընթացքը անգամ մը եւս հաստատեց, որ կարելի չէ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը անտեսելով յարաբերութիւններ կարգաւորել:

Միջազգային ընտանիքը եւս յատուկ ուշադրութեան չարժանացուց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն չեղեալ հռչակումը, որովհետեւ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութիւնը վերջերս միջազգային ընտանիքին կողմէ բազմիցս դատապարտուեցաւ, ու համոզում գոյացուց այն իրողութեան շուրջ, որ Թուրքիոյ նման ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն վարող երկրէ մը դիւանագիտական մօտեցում ակնկալելը անհիմն է այս շրջանին: Սուրիոյ մէջ թրքական ոտնձգութիւնները ակնյայտ են արդէն. տարիներ առաջ բարեկամ երկրի մը` Սուրիոյ բացած լայն դռները ահաբեկչական նպատակներով օգտագործող, Աֆրինի քիւրտերը ջարդի ենթարկող Թուրքիայէն ի՞նչ կարելի է ակնկալել վերջապէս:

Միւս կողմէ, Հայաստան, որպէս տարածաշրջանին մէջ անկախ դերակատար, շատ աւելի ազդեցիկ գործօնի կրնայ վերածուիլ` վարելով ճկուն քաղաքականութիւն, օգտուելով յատկապէս թրքական ազդեցութեան դէմ գործող դաշինքներէն:

Նախորդը

Մեր Մանկութեան Շեւարտնածէն

Յաջորդը

ՀՄԸՄ – Պէյրութ. Ձիւնագնացութիւն Դէպի Լիբանանի Լեռները

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.