Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալան Յովհաննէս (1911 – 2000)

March 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր նախկին թիւերով լոյս ընծայած էինք Սիրվարդ Գարամանուկի վերաբերող գրութեան՝ նոյն հեղինակին ստորագրութեամբ. այսօր անդրադարձ կը կատարուի Ալան Յովհաննէսի, իսկ յառաջիկային ալ՝ այլ նշանաւոր արուեստագէտներու։

Խմբ.

———————–

ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ

Ալան Յարութիւն Չաքմաքճեանը յայտնի է որպէս Ալան Յովհաննէս:

Ամերիկահայ յօրինողին համար երաժշտութիւնը յատկանշուած եւ օժտուած է խորհրդաւորութեամբ եւ ինքնահայեցողութեամբ: Ալան Յովհաննէսը կը նկատուի 20-րդ դարու ամենաբեղուն ստեղծագործողներէն մէկը: Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւններուն ծրարը կ՛ընդգրկէ 67 համալրուած սիմֆոնիներ եւ 434 երաժշտական ստեղծագործութիւններ:

Ամերիկեան մամուլը Ալան Յովհաննէսի երաժշտական գործերուն տուած է զանազան գնահատականներ. «Յովհաննէսը կը փնտռէ մեղեդիին պատգամը», «Ժամանակակից երգահանը, որ ըսելիք ունի եւ զայն կ՛արտայայտէ գեղեցկօրէն»:

Ալան Յովհաննէսը ծնած է Պոսթըն, 1911 մարտ 8-ին: Հայրը բազմաթիւ գիրքերու, նաեւ հայ-անգլերէն բառարաններու հեղինակ է: Ալան Յովհաննէսը ստեղծագործել սկսած է 4 տարեկանին: 14 տարեկանին գրած է իր առաջին օփերաները: Ալան Յովհաննէս, ստեղծագործական աշխատանքի կողքին, կ՛ուսանի Նիւ Ինկլենտ երաժշտանոցին մէջ: Ան որպէս երգեհոնատար կը սկսի ծառայել Ուաթըրթաունի Հայ առաքելական եկեղեցիին մէջ: Շատ յաճախ ամէնօրեայ հացին համար ան նուագած է հիւանդանոցներու մէջ: Պոսթընի մէջ ազգութեամբ յոյն նկարիչ մը խորհուրդ կու տայ Յովհաննէսին` փնտռել ու գտնել իր հայկական հարազատ հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ հաւատարիմ մնալ անոր:

Ալան Յովհաննէսը կը պատմէ.

«Մանկութեանս տարիներուն հայրս Կոմիտասի խմբերգներու հրաշալի ձայնագրութիւն ունէր: Կոմիտասը ինծի համար մինիմալիզմի ամենագերազանցելի վարպետ, է եւ անոր միջոցով ես ընկալեցի այն տուեալները, որոնք հնարաւորինս նուազագոյն նոթաներով առաւելագոյնը արտայայտելու գաղափարը ունին»:

Ալան Յովհաննէսի մտածումներէն.

«Ես կ՛առաջարկեմ ստեղծել այն ստեղծագործական ոճը, որ կ՛ոգեւորէ ունկնդիրը` իր պարզութեամբ, զերծ ըլլալով անցողական նորոյթէ, արհեստական պաճուճանքներէ եւ կեղծ խոհականութենէ, այլ ըլլայ ուղղամիտ, հզօր, անկեղծ, միշտ ինքնատիպ եւ երբեք անբնական»:

1940-ական թուականներուն կը սկսի Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական գործունէութեան հայկական շրջանը:

Ան կը հիմնէ նուագախումբ, ղեկավարելով իր հայկական ստեղծագործութիւնները: 1950-ական թուականներուն ան Միացեալ Նահանգներու մէջ ունէր մեծ հռչակ` որպէս յօրինող, երաժիշտ ղեկավար, խմբավար եւ դաշնակահար:

Ան յաճախ կը բարձրանայ Անգլիոյ լեռները, ուր կ՛ամրապնդէ իր բնազանցական վերացական գիտելիքները: Լեռները եւ բնութիւնը հետագային կը դառնան իր ոգեշնչման աղբիւրը: Ստեղծագործական կեանքի այս շրջանին Ալան Յովհաննէսը աւելի ճանաչելի կը դառնայ` շնորհիւ իր կատարած ձայնագրութիւններուն Էմ. Ժի. Էմ սթիւտիոներու մէջ:

1955 թուականին իր «Առեղծուածային լեռը» սիմֆոնին կը կատարուի Հիւսթընի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ, ինչպէս նաեւ շուտով կը ձայնագրուի:

Ալան Յովհաննէսը արժանացած է շարք մը պատուաւոր կոչումներու, ինչպէս նաեւ գնահատուած է Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիային կողմէ:

Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւններէն պահպանուած են 500 երաժշտական գործեր, որոնք կ՛ընդգրկեն բոլոր տեսակները` օփերաներ, համանուագներ եւ 60 սիմֆոնիներ:

1994 թուականին Ալան Յովհաննէսը կը խոստովանէր հետեւեալը. «Ես չեմ վախնար մահանալէ, որովհետեւ այն կողմը այնքան շատ ընկերներ զիս կը սպասեն»: 1996 թուականին երաժիշտին առողջութիւնը զգալիօրէն կը վատանայ, եւ 80 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ան կը դադրի ստեղծագործելէ, եւ ահա 3 տարի ետք, 2000 թուականին կը մահանայ:

 

 

Նախորդը

Թռչելու Երազը

Յաջորդը

Մեր Մանկութեան Շեւարտնածէն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.