ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել` ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»: Այս պատգամով հայոց բանակի սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան գօտեպնդեց հայ զինուորները` հաւատքի եւ կրօնի համար պատերազմելու սասանեան հզօր բանակին դէմ: Ի զուր չէ, որ Վարդանանց պատերազմը, իբրեւ պատմական աքթ, անկիւնադարձային է եւ դարեր շարունակ ներշնչման աղբիւր եղած է հայ ժողովուրդին համար: Այս առումով, օտար պատմագէտներու ուշադրութենէն չէ վրիպած հայ ժողովուրդին կողմէ հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած բազում ճակատամարտերը, եւ անոնք տեսած են հայութեան մէջ պայքարելու անկոտրում կամքը: Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն մինչեւ օրս հայը գոյատեւելու պայքար կը մղէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:
25 փետրուար 2018-ին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» (Հերիթէյճ էնտ քալչըր) յայտագիրով լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին համար անկիւնադարձային պատմական դէպք մը` Վարդանանց ճակատամարտը: Յայտագիրի հաղորդավար Քաթիա Խուրի-Մունտալաք հիւրընկալեց լիբանանեան համալսարանին մէջ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս դոկտ. Իմատ Մրատը: Ան իր հարցազրոյցը սկսաւ հետաքրքրական վերլուծական մէջբերումով մը, որ` «Չենք կրնար քրիստոնէութեան պատմութեան մասին խօսիլ` առանց հայութեան մասին անդրադառնալու եւ չենք կրնար հայութեան մասին խօսիլ՝ առանց անդրադառնալու հայ ժողովուրդի սուրբերուն»: Ան պատմական ակնարկ կատարելէ ետք Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման մասին` 301 թուականին, մանրամասն ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուիլը եւ հաւատքի շնորհիւ ողջ մնալը, ինչպէս նաեւ` Տրդատ թագաւորին դարձը:
Խօսելով Վարդանանց հաւատամարտի մասին` ան ներկայացուց Հայաստանի այդ օրուան պայմանները եւ հայերուն ենթակայութիւնը պարսկական տիրապետութեան` քաղաքական, զինուորական ու վարչական առումով: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց նաեւ, որ պարսիկները հայ ժողովուրդին առաջարկեցին իրենց կապերը խզել Հռոմի եկեղեցւոյ հետ: Պարսիկներու յաջորդական պնդումները` վերադարձ զրադաշտական կրօնի, արդիւնքի մը չյանգեցան եւ հայերը մերժեցին պարսիկներուն առաջարկը: Ան նշեց, որ Վարդանանց պատերազմի ընթացքին Վարդանի նահատակութիւնը քրիստոնէական հաւատքի արթնութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծեց հայութեան մէջ: 485 թուականին Վարդանի եղբօրորդին համաձայնութիւն մը կնքեց սասանեան պետութեան հետ` յարգելու եւ ընդունելու քրիստոնէական կրօնը Հայաստանի մէջ: Խօսելով Վարդան Մամիկոնեանի դուստր Շուշանի մասին` ան անդրադարձաւ Վրաստանի իշխանի ամուսնութեան առաջարկին, քրիստոնէական հաւատքէն հրաժարելու եւ նահատակութեան մասին: Շուշան այսօր վրացական եկեղեցւոյ սուրբերէն կը նկատուի: Հաղորդավար Քաթիային այն հարցադրումը, թէ ինչո՛վ կը զատորոշուի հայ ժողովուրդը այլ ժողովուրդներէ, պատմաբանը նշեց, որ քրիստոնէութիւնը նահատակութեան եկեղեցի է եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին համար` նկատի ունենալով Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, յաջորդական արշաւանքները: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` դոկտ. Մրատ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը կառչած է իր եկեղեցւոյ, հողին ու հայրենիքին: Այս իմաստով, հայերը իրենց հաւատքով, աշխարհագրական դիրքով վտանգ կը սպառնային Թուրքիոյ: Ան յայտնեց նաեւ, որ ասորիները, քաղդէացիները իրենց նահատակութեամբ կը նմանին Սրբոց Վարդանանց նահատակութեան օրինակին:
Հարցազրոյցի վերջին բաժինով ան խօսեցաւ Վարդանանց յիշատակին կանգնած արձաններուն եւ սրբարաններուն մասին` շեշտելով, որ այն անձը, որ կը նահատակուի հաւատքի համար, սուրբ կը նկատուի: Վարդան Մամիկոնեան բանակի սպարապետ ըլլալով` իր նահատակութեամբ պատմութեան մէջ սուրբերու կարգին դասուեցաւ:
Իր շինիչ հարցազրոյցին ընդմէջէն դոկտ. Մրատ ոչ միայն սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յանուն գոյատեւման, հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած Վարդանանց հերոսամարտին մասին, այլ նաեւ պատմաբանի ակնոցով կատարած վերլուծումներով արտայայտեց հայութեան հանդէպ իր յարգանքն ու սէրը: Յատուկ շնորհակալութիւն` պատմաբան դոկտ. Իմատ Մրատին, հաղորդավար Քաթիա Խուրի – Մունտալաքին եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին` եզակի այս յայտագիրի ներկայացման համար:



