Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհիկութիւնը` Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ծրագիրներուն Մէջ

March 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բ.- Մեքսիքայի Հաստատութենական Յեղափոխական Կուսակցութեան Օրինակը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ արդի Մեքսիքայի Հանրապետութեան եւ ազգային-պետականութեան կերտիչը, որ ղեկավարած է Մեքսիքան 1929-էն մինչեւ 2000 եւ 2012-էն մինչեւ այսօր: Անիկա ինքզինք կը սեպէ Մեքսիքայի 1910-ի յեղափոխութեան ժառանգորդ կուսակցութիւնը եւ անոր նպատակները ամրապնդողը:

Մեքսիքայի մէջ եկեղեցին ձեռք ձգած էր հողային մենաշնորհին մեծ մասը` սեփականացնելով մեծ տարածութեամբ հողեր: Հողատիրութեան կողքին, եկեղեցին նաեւ մաս կազմած էր դրամատնային ներդրումներուն: Այսպիսով, կղերական տարրը Մեքսիքայի ժողովուրդին կողմէ նկատուած էր իբրեւ իշխող խաւին անբաժանելի մասը: Պատեհապաշտ-պահպանողական նախագահ Փորֆիրիօ Տիազի նախագահութեան ժամանակաշրջանին կղերականութիւնը աւելի մեծ թափով ընդգրկուեցաւ առեւտրական մարզին մէջ` հաշուի առնելով նաեւ կրթական հաստատութիւնները: 1910-ին, երբ պայթեցաւ մեքսիքական յեղափոխութիւնը` պահպանողական նախագահ Տիազի վերընտրութեան պատճառով (35 տարի իշխած է Մեքսիքայի վրայ), յեղափոխականները նաեւ բախումներ կ՛ունենան կղերականութեան հետ, որովհետեւ եկեղեցին նեցուկ կանգնեցաւ Վիքթորիանօ Հուերթայի միամեայ պահպանողական նախագահութեան (1913-1914):

Յեղափոխութեան շնորհիւ` 1917-ին Մեքսիքայի Սահմանադրական ժողովը կը հաստատէ նոր սահմանադրութիւն մը` նախկինին փոխարէն: Այդ սահմանադրութեան երրորդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Կրթութիւնը պէտք է ըլլայ աշխարհիկ եւ ազատ` բոլոր կրօնական կողմնակալութիւններէն»: Սահմանադրութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի. «Կրթական ծառայութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գիտական յառաջընթացին վրայ եւ պայքարին ընդդէմ` անգրագիտութեան, վերջինիս հետեւանքներուն, ստրկութեան, մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան»: 24-րդ յօդուածը կը նշէ. «Ամէն մարդ ազատ է հետեւելու իր ուզած դաւանանքին` հիմնուելով իր անհատական կրօնական համոզմունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կիրարկելու այդ համոզումները` տօներով,արարողութիւններով եւ պաշտամունքներով»: Եւ ի վերջոյ կը հասնինք սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածին, որ կը սահմանէ յարաբերութիւնը պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ` նշելով. «Եկեղեցին եւ պետութիւնը պիտի մնան բաժնուած: Ան (պետութիւնը) կրօնական բոլոր խումբերէն կը պահանջէ պարտադիր գրանցում եւ սահմանափակումներ կը հաստատէ կղերականներուն վրայ (մասնակցելու որեւէ քաղաքական պաշտօնի կամ ընտրական արշաւի)»: Բոլոր յիշեալ յօդուածները չեն գործադրուիր, այլ կը մնան միայն թուղթի վրայ գրուած կանոններ` գրեթէ 10 տարի շարունակ:

Ամէն ինչ կը փոխուի 1926-ին, երբ Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան հիմնադիր Փլութարքօ Էլիաս Քալիեսը (այդ ժամանակ` Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ) կ՛օրինականացնէ «Քրէական օրէնսգիրքի բարեփոխման մասին օրէնք»-ը, որ կը գործնականացնէ սահմանադրութեան մէջ աշխարհիկութեան վերաբերող բոլոր կէտերը: Ան հանրային սեփականատիրութեան կը յանձնէ բոլոր կղերականներուն եւ եկեղեցիներուն կողմէ սեփականացուած հողերն ու կալուածները եւ կը փակէ կրօնական դպրոցները` անոնց փոխարէն հաստատելով հանրային դպրոցներ: Կորսնցնելով իրենց տնտեսական առաւելութիւնները եւ վախնալով, որ կը կորսցնեն իրենց հասարակական նշանակութիւնը, կղերականներն ու կրօնամոլ գիւղացիները կը դիմեն զէնքի` արգիլելու համար սահմանադրութեան գործադրումը: 1926-1929 ժամանակաշրջանին զինեալ բախումներուն զոհ կ՛երթան 250 հազար քաղաքացիներ, ի վերջոյ ծայրայեղական զինեալները կը պարտուին, եւ պետութիւնը բոլորին վրայ կը պարտադրէ սահմանադրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի 1929-ին Քալիեսի կողմէ հիմնուած Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան, ան կուսակցութիւնը կը նկատէ յեղափոխութեան նպատակներու իրագործման դրօշակիրը (ներառեալ` աշխարհիկ արժէքներու իրագործման մակարդակով) եւ անոր հիմնադրութեան նպատակը կը սահմանէ յեղափոխութեան հաստատութենացման մէջ`  կուսակցութեան ծրագիրին մէջ նշելով հետեւեալ տողերը. «Մենք ազգային կուսակցութիւն ենք եւ հպարտ ենք մեքսիքական յեղափոխութեամբ, որ կ՛ամրապնդէ Մեքսիքայի արդիականացումը` ընկերային արդարութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ: Այդ պատճառով ալ մենք մաս կազմած ենք ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ընտանիքին»: Անդրադառնալով Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան ծրագրային տեսութեան եւ յատկապէս` անոր աշխարհիկ ուղղութեան, կը դիմենք կուսակցութեան ծրագիրի յառաջաբանին, որ կ՛ըսէ. «Մենք մեր արմատները կը գտնենք ազատ հանրապետական, աշխարհիկ եւ դաշնակցային արժէքներու ամրապնդման մէջ` պայքարելու համար յանուն ազգային գերիշխանութեան եւ Մեքսիքայի անկախութեան»: Կուսակցութիւնը նաեւ կը մերժէ կղերական եւ եկեղեցական միջամտութիւնը քաղաքական հարցերուն` շեշտելով. «Մենք քաղաքական կուսակցութիւն մըն ենք, որ չ՛ընդունիր այն քաղաքական քարոզչութիւնները, որոնք կու գան եկեղեցիէն, կղերականներէն, կրօնական հաստատութիւններէն կամ միութիւններէն»:

Խորտակելով կրօնամոլութիւնն ու կղերական միջամտութիւններու բոլոր ձախող փորձերը, Մեքսիքան այսօր յաջող աշխարհիկ պետութիւններէն մէկն է` շնորհիւ Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան նախագահներուն:

 

Նախորդը

«Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ժառանգութիւն Եւ Մշակոյթ» Յայտագիրը Լուսարձակի Տակ Առաւ Հաւատքի Եւ Կրօնի Համար Մղուած Վարդանանց Ճակատամարտը

Յաջորդը

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.