Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերադարձ Հին Աշխատանքին` Նոր Մօտեցումներով

March 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութեան մամլոյ եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովի մասնակիցները կը վստահեցնեն, որ պիտի վերադառնան իրենց հին աշխատանքին` նոր մօտեցումներով ու խնդիրներով:

Խորհրդաժողովի ժամանակ քննարկուած են հայկական ու կուսակցական մամուլի, համաշխարհային մակարդակով հայկական խնդիրներու լուսաբանման, ազրպէյճանական եւ թրքական քարոզչութեան հակազդելու վերաբերեալ շարք մը հարցեր:

Սփիւռքի Դաշնակցական Մամուլի Պատասխանատուները Հանդիպում Ունեցան
Հայաստանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Համաժողովի վերջին օրը մասնակիցները իրենց քննարկումները այլ ձեւաչափով անցուցին` հանդիպում հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կը գտնուին ՀՅԴ-ի լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ աշխարհի 15 երկիրներէ: «Կը քննարկէինք ո՛չ միայն ներկուսակցական խնդիրները քարոզչական ճակատի վրայ, այլեւ ընդհանուր` մեր համազգային խնդիրները, որոնք ունինք արտաքին եւ ներքին հարթակներու մէջ», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ափսոսանք յայտնեց, որ ինք Հայաստան չէ գտնուած եւ չէ կրցած մասնակցիլ դաշնակցական մամուլի հերթական խորհրդաժողովին: «Իրօք, այս խորհրդաժողովները, որոնք պարբերական են, երկու տարին անգամ մը  կատարուած աշխատանքները ամփոփելու եւ նոր հորիզոններ գտնելու լաւ առիթ են: Ուրախութեամբ կը տեսնեմ, որ նաեւ դաշնակցական մամուլի ներկայացուցիչներու սերնդափոխութիւնը ակնյայտ է. երիտասարդութիւնը կամաց-կամաց իր տեղը կը գրաւէ, եւ վստահ եմ, որ խորհրդաժողովը ծառայած է իր բուն նպատակին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով խորհրդաժողովի մասնակիցներու հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին` Վարդանեան նշեց, որ անիկա շատ կարեւոր է: «Սա այն դաշտն է, ուր անջրպետներ, բաժանումներ չկան: Դուք իշխանութիւն էք, դուք իշխանութեան համակարգ էք, եւ պիտի կարենանք միասնաբար լուծել այն խնդիրները, որոնք կան մեր հասարակութեան, պետականութեան, սփիւռքի, Արցախի առջեւ` միասին, իրարու աջակցելով, լրացնելով: Բնական է` մօտեցումները տարբեր են, ամէն մէկը իր ձեւով կը նայի իրականութեան, բայց այս դաշտին մէջ համախոհութիւնը, համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է: Ուրախ կ՛ըլլամ, որ այսօրուան  անմիջական շփումներէն ետք ուղղակի կապեր հաստատուին մեր տարբեր լրատուամիջոցներուն միջեւ, ամէնօրեայ կապեր ըլլան, իրար փոխանցենք գաղափարներ եւ կարենանք մեր երկիրը, հասարակութիւնը  աւելի լաւ դարձնել», ընդգծեց ան:

Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան ըսաւ, թէ, ընտրուելով այդ կառոյցի նախագահ, ելոյթին մէջ նշած է սփիւռքի մամուլին կարեւորութիւնը: «Նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատեմ արհեստավարժ առումով: Մենք տարբեր երկիրներու մէջ կ՛աշխատինք, եւ մեզի համար շատ կարեւոր է փորձի փոխանակումը արհեստավարժ մակարդակի վրայ: Յունիսի սկիզբը միութիւնը պիտի ունենայ  արտահերթ համագումար, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի նոր կանոնադրութիւնը: Այդտեղ առանձին հատուած պէտք է ըլլայ  սփիւռքեան մամուլին հետ համագործակցութեան վերաբերեալ», տեղեկացուց ան:

Սէյրանեան նաեւ կոչ ուղղեց ՀՅԴ սփիւռքեան մամուլի ներկայացուցիչներուն, որ անոնք ալ անդամակցին Հայաստանի լրագրողներու միութեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Մամլոյ Եւ Տեղեկատուական Այլ Միջոցներու Ու Հանրային Կապերու Պատասխանատուներու Խորհրդաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 11 Մարտին Տեղի Ունեցած Դաշտային Մրցումներուն Արդիւնքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.