Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զիատ Իթանի Ազատ Արձակուեցաւ

March 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա, երէկ հարցաքննելէ ետք Ներքին ապահովութեան ուժերու համակարգչային ոճիրներու հետապնդումի բաժանմունքի պատասխանատու հազարապետ Սիւզան Հաժ-Հպէյշը եւ զայն համացանցահէն Էլի Ղապաշի հետ դէմ առ դէմ բերելէ ու վկայութիւնները ստանալէ ետք, Սիւզան Հաժն ու էլի Ղապաշը արգելափակելու հրահանգ արձակեց:

Միւս կողմէ, դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա ազատ արձակեց արուեստագէտ Զիատ Իթանին:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եղաւ Իթանին շնորհաւորող առաջին պետական անձնաւորութիւնը: Մաշնուք շնորհաւորեց Իթանիի ազատութիւնը, արդարութեան հսկող դատախազ Ապու Ղիտան, Լիբանանը պաշտպանող Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը, մայրաքաղաք Պէյրութն ու անոր բնակիչները:

Ազատ արձակուելէ ետք, Զիատ Իթանի յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երկրին իշխանութիւնը հսկայ գայթակղութենէ մը փրկած է: Ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ նախարար Մաշնուքը:

Իթանի նշեց, որ ինք դերասան է, թատերաբեմ բարձրացող արուեստագէտ` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է զինք նման տգեղ յանցանքով մը ամբաստանել:

Ան հաստատեց, որ իրեն վերագրուած խոստովանութիւններուն պատճառով, հարցաքննութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է:

Իթանի ուղղուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին, ապա ուղղուեցաւ իր բնակարանը` Թարիք Ժտիտէ:

Իթանիի բնակարանը այցելեց նախարար Մաշնուք, ուր հաստատեց, որ Զիատ Իթանիի հաշուոյն սխալ գործողը պէտք է անկէ ներում հայցէ:

Մաշնուք նշեց, որ ինք եւս ենթարկուած է անարդարութեան եւ սուտ զրպարտութիւններու, եւ այդ պատճառով ալ լաւ կը հասկնայ Իթանիի դէմ գործուած այս անիրաւութեան ահռելի ցաւը:

Զիատ Իթանիի բնակարանը այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ շեշտեց, թէ Իթանիին նկատմամբ անիրաւութիւն գործողները պատասխանատուութեան պէտք է կանչուին:

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ, Որ Պետական Ամավարկը Վաւերացուի Նախքան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

Յաջորդը

«Աշխատաւոր Մարդուժի Եւ Ընտանիքներու Ապրուստի Պայմաններուն Ընդհանուր Հաշուարկը Պիտի Օժանդակէ Կառավարութիւններուն` Ընկերային, Տնտեսական Եւ Բարգաւաճման Շինիչ Եւ Առողջ Ծրագիրներ Մշակելու» Հաստատեց Դոկտ. Կիտանեան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.