Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Կը Մեղադրեն Ռուս Նախկին Լրտեսի Դէմ Մահափորձի Համար

March 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն ամբողջովին վստահ է Բրիտանիոյ հետաքննութեան եւ գնահատականներուն, որոնց համաձայն, Ռուսիան հաւանաբար պատասխանատու է ռուսական հետախուզական վարչութեան նախկին սպայ Սերկէյ Սքրիփալի դէմ մահափորձին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտարարած է, թէ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները չունին ապացոյցներ Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորման հարցին մէջ Ռուսիոյ մեղսակցութեան մասին:

«Այդպիսի յարձակումի համար, գերիշխան պետութեան տարածքին մէջ մարդ անհատի սպանութեան փորձի համար երբեք չ՛ըլլար արդարացում, եւ մենք վրդոված ենք, որ Ռուսիան կարծես դարձեալ այդպիսի վարք կը դրսեւորէ: Ուքրանիայէն Սուրիա, իսկ այժմ մինչեւ Բրիտանիա, Ռուսիան կը շարունակէ հանդիսանալ անպատասխանատու ուժ, որ աշխարհին անկայունութիւն կը բերէ եւ կը գործէ այլ երկիրներու գերիշխանութեան եւ սեփական քաղաքացիներու կեանքին դէմ բացայայտ արհամարհանքով», ընդգծած է Թիլըրսըն:

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները կապի մէջ եղած են Բրիտանիոյ հետ` թունաւորման հարցով Ռուսիոյ հաւանական մեղսակցութեան մասին վարչապետ Թերեզա Մէյի յայտարարութենէն առաջ:

Երկուշաբթի օր, Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարած է, որ Սքրիփալի թունաւորման հարցին մէջ «մեծ հաւանականութեամբ» մեղսակից է Ռուսիան: Ան Ռուսիոյ ժամանակ տուած է մինչեւ երեքշաբթի, 13 մարտ, միջադէպին առնչութեամբ մանրամասն պարզաբանումներ տրամադրելու համար, հակառակ պարագային` Մոսկուայի դէմ լուրջ քայլերու ձեռնարկում կը նախատեսուի:

Նշենք, որ 66-ամեայ Սքրիփալ Ռուսիոյ մէջ 2006-ին դատապարտուած էր Բրիտանիոյ ի նպաստ լրտեսելու համար, իսկ 2010-ին անոր ներում շնորհուած էր երեք այլ ռուսերու հետ: Աւելի ուշ, անոնք փոխանակուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած ռուս գործակալներու հետ: Սքրիփալ ապաստան ստացած էր Բրիտանիոյ մէջ:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Ու Ամերիկան Պիտի Հսկեն Քիւրտ Զինեալներուն Մընպեժէն Հեռանալուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Փենթակոն Պիտի Չդադրի Ինճիրլիքը Օգտագործելէ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.