Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Գերմանիոյ մէջ թրքական երկու մզկիթի դէմ յարձակումի դէպքին եւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած` նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը:
Պերլինի երկու տարբեր շրջաններուն մէջ թրքական մզկիթներու դէմ միաժամանակ կատարուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ):
«Վերջին շրջանին մտահոգութեամբ կը հետեւինք Գերմանիոյ մէջ իսլամոֆոպ եւ ազգայնական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ ՔԱԿ-ի կողմէ մզկիթներու դէմ յարձակումներու դէպքերու աճին: ՔԱԿ-ի կողմէ յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնելը անգամ մը եւս ջուրի երես հանած է այդ խմբաւորման իսկական դէմքը: Մխիթարող միակ հանգամանքը միջադէպին ընթացքին զոհեր չարձանագրուիլն է», ըսուած է հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ կոչ ուղղած է` յստակ քայլերու ձեռնարկելու նման միջադէպերու կրկնութիւնը բացառելու, յարձակումին մեղաւորները գտնելու եւ օրէնքով պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:



