Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, թրքական խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան քննադատած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Մերսին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ազգայնական Գորշ Գայլեր խմբաւորման խորհրդանիշը համարուող նշանը ցոյց տալուն համար:
«Մի՛ բարկանաք: Էրտողանն այսօր ցոյց տուաւ այն, ինչ շատոնց յայտնի էր: Ուրկէ ուր հասած ենք…», գրած է ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
Հայ երեսփոխանը նաեւ շեշտած է, որ իրենք շատոնց կը զգուշացնէին Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան` ազգայնական բնոյթ ունենալուն մասին:
Տուեալ հանրահաւաքին Էրտողան յայտարարած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը որեւէ վայրկեան կրնան մուտք գործել Աֆրին քաղաք:
Շարք մը իրաւապաշտպաններ կ՛ահազանգեն Աֆրինի մէջ ակնկալուող լայնածիր կոտորածի մասին եւ կը նշեն, որ ՄԱԿ-ը պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ աֆրինեան ողբերգութիւնը կանխարգիլելու համար:



