ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերու ծրագիրը կը մերժէ` աւելցնելով, որ այս իմաստով իր ցուցաբերած կեցուածքը նորութիւն չէ:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է արձագանգել լիբանանեան ներքին կեանքին մէջ արձանագրուած օտար միջամտութիւններուն:
ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ եթէ Էշրեֆիէի մէջ բարգաւաճման ծրագիրները կարելի չըլլայ մէկ տարուան ընթացքին գործադրել, ապա իրենք պիտի պահանջեն Պէյրութի քաղաքապետարանին բաժանումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ընտրական դաշինքներուն պարագային իրենք կատարեալ անկախութեամբ կը վարուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ նշեց, որ անպայման նշանակումներ կատարելով ու պաշտօններ բաժնելով չէ, որ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը կը ստեղծեն, այլեւ` զէնքի տագնապին լուծումով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանը ընտրական առումով ամէնէն հանդարտ շրջանն է, որովհետեւ անոր բնակիչները ճշմարտութեան վրայ հիմնուելով կը դատեն բոլորին իրականութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ ներկայիս կը դիմագրաւենք զգայուն փուլ մը, որ պայքարի կարեւոր հանգրուան մը կը նկատենք` պահպանելու համար Լիբանանի թաէֆեան իրականութիւնը: Ան նշեց, թէ ընտրութիւնները լաւ առիթ են արտայայտելու ժողովուրդին կամքը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին տեսնել այնպիսի երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնք իսկապէս լիբանանցիներուն կամքը կ՛արտայայտեն: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի նաւթային հարստութեան դէմ իսայէլեան սպառնալիքները պէտք է զգաստացնեն լիբանանցիներն ու արաբները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ Քեսրուան-Ժպէյլի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկը ամէնէն զօրաւորն է:
ՍԷՈՒՏՑԻ պետական պաշտօնատար Ուալիտ Պուխարի վերադարձաւ Պէյրութ, Լիբանանի մէջ սէուտական դիւանագիտական անձնակազմին նախագահը նշանակուելէ ետք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական ընտրութեան թեկնածու Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ ինք նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլայ աշխատաւորին եւ համեստ դասակարգը ներկայացնողին ձայնը:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտրականներու միութիւնը Նիքոլա Շամմասը վերընտրեց` նոր նստաշրջանի մը համար:
ՌԱՍ Պաալպէքի մէջ հովիւ մը զոհ գնաց ականի մը պայթումին:
ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մուտքին իսլամական արգելափակեալներուն ընտանիքները կիրակի կէսօրէ ետք կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին անոնց համաներում շնորհել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ինք որոշած է իր թեկնածութիւնը չառաջադրել երեսփոխանական ընտրութիւններուն` վարկանշային քուէն իր գործակիցներուն ի նպաստ ապահովելու նպատակով:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր այցելէ Պէյրութ, մինչ թագաւորական պատուիրակ Նիզար Օլուլա պիտի վերադառնայ Լիբանան` իր խորհրդակցութիւնները շարունակելու լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սէուտական մատնահետքերը սկսած են աւելի շօշափելի դառնալ` ընտրական դաշինքները գոյացնելու առումով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա չի փափաքիր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդվզեցնել եւ այդ պատճառով ալ նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահին ընտրեց` գլխաւորելու համար Ժպէյլ-Քեսրուանի իր ընտրացանկը:


