Յոյն ոստիկանները Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Էւրոս արգիլուած սահմանային գօտիին մէջ ձերբակալած են գերմանացի երկու լրագրողներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիզնըս Սթանտըրտ»-ը:
31-ամեայ տղամարդն ու 33-ամեայ կինը ձերբակալուած են Տիտիմոթիխոս շրջանի Փրանկի գիւղին մօտ: Այս տարածքին մէջ գտնուելու համար անհրաժեշտ է զինուորական իշխանութիւններու արտօնութիւնը:
Լրագրողներուն պնդումով` իրենք կ՛աշխատին գերմանական «Ա.Էր.Տէ.» պատկերասփիւռի կայանին համար եւ Էվրոս եկած էին նկարելու համար վաւերագրական յատուկ ժապաւէն մը, որ պիտի պատմէ Գերմանիայէն գաղտնի կերպով Թուրքիա վերադարձող թուրքերուն մասին, որոնք կ՛անցնին Էվրոս գետը:
Գերմանացիներուն համաձայն, անոնք դիմում ներկայացուցած են անհրաժեշտ արտօնութեան համար, սակայն սկսած են աշխատիլ` չսպասելով պատասխանին: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ գերմանացի լրագրողները ազատ արձակուած են:
Սահմանամերձ նոյն գօտիին մէջ օրեր առաջ կորսուած էին երկու յոյն զինուորներ: Անոնք սխալմամբ անցնելով թրքական կողմը` ձերբակալուած էին:
Թուրքիան տակաւին կը մերժէ զանոնք արտայանձնել:



