Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին եւ մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, շաբաթ, 10 մարտին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցան բժշկական անվճար քննութիւններ:
Շուրջ 100 հայորդիներ ենթարկուեցան քիթի, ականջի, կոկորդի, աչքի տեսողութեան, ինչպէս նաեւ ճնշումի քննութիւններու, որոնց ընդմէջէն կարելի եղաւ ճշդել իւրաքանչիւրին դիմագրաւած հարցերը, որոնց համապատասխան հետապնդումները պիտի կատարուին յառաջիկային:



