«Ուսուցիչներու Օր»-ուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Բացառիկ Մեծարանքի Արժանացաւ Հայ Ուսուցիչը
Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ խուռներամ ներկայութեամբ ծնողներու, ուրբաթ, 8 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, շքեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ «Ուսուցիչներու օր»-ուան տօնակատարութիւնը:
Տպաւորիչ եւ սրտագրաւ տեսարան մը պարզուեցաւ, երբ բացուեցաւ բեմին վարագոյրը: Բազմերանգ ու գեղեցիկ ծաղիկներով լեցուած էր բեմը: Ծաղիկներու տարածուն ամբողջութիւնը միացած էր բեմի խորքի պատկերին` Արարատներու կանաչազարդ լանջերուն` սփիւռք-հայրենիք հոգեկան կապ մը ստեղծելով:
Ծաղկեկողով ուղարկած էին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբ. օգն. խաչի Էշրեֆիէի մասնաճիւղը, Լիբ. օգնութեան խաչի Նորաշէնի մասնաճիւղը, Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, Սասնոյ հայրենակցական միութիւնը, Սասնոյ տիկնանց միութիւնը, Հաճնոյ «Գոյամարտ» միութիւնը, Կիւրինի հայրենակցական միութիւնը, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի ընկերային յանձնախումբը, ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճը (երկու կողով), Նոր Սիսի ազգ. «Աքսոր Գասարճեան» վարժարանի Թաղ. խորհուրդը, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղ. խորհուրդը, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղ. խորհուրդը, Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Թաղ. խորհուրդը, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղ. խորհուրդը, Ժիւնիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդը, Սին Էլ Ֆիլի Ազգ. «Արամեան» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Ազգ. «Էհրամճեան» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Ազգ. «Կիլիկեան» վարժարանը, Ազգ. «Աքսոր Գասարճեան» վարժարանի աշակերտութիւնը, Ժիւնիէի Ազգային «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութիւնը եւ Էշրեֆիէի Ազգ. «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի աշակերտութիւնը:
«Մշա՛կ, ցանէ…»: Դանիէլ Վարուժանի «Ցան» քերթուածին արտասանութեամբ սկսաւ հանդէսը: Խոր ապրումով եւ լաւագոյն մեկնաբանութեամբ, քերթուածին ամբողջական իմաստը փոխանցեց ունկնդիրներուն` սիրուած ասմունքող Խաչիկ Արարատեանը:
Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան կողմէ խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ, ազգային «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի տնօրէն Երուանդ Տեմիրճեանը:
«Կազմակերպեցինք «Ուսուցիչներու օր»-ուան տօնակատարութիւնը,- ըսաւ Ե. Տեմիրճեան,- որպէսզի հաւաքական մթնոլորտի մը մէջ մենք` ուսուցիչներս, պահ մը ըլլանք մենք մեզի հետ, գտնենք մեր մթնոլորտը, վերագտնենք մեր խղճմտանքը, կրկնենք մեր երդումը»:
Շնորհակալութիւն յայտնեց ուղարկուած ծաղիկներուն համար, եւ ըսաւ ի միջի այլոց. «Մշակը կը մոռնայ իր յոգնութիւնը, տառապանքը, երբ տեսնէ իր ցանած սերմին ծլիլը, ծաղկիլը եւ պտղաբերիլը: Նոր թափով, նոր խանդավառութեամբ պիտի տանինք մեր աշխատանքը, որովհետեւ նոր սերունդը արժանի է ամէն հոգածութեան, որովհետեւ ան օր մը կամար պիտի նետէ այն հեռաւորին, որուն անունը Արարատ է»:
Զ. Սէրայտարեան մեներգեց «Լուսաւորչի կանթեղը»` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նատիա Թաթուլեանի:
Օրուան առաջին բանախօսը` Գարեգին եպս. Սարգիսեան, ընդգծելէ ետք «Ուսուցիչներու օր»-ուան նշանակութիւնը` իբրեւ յարգանքի օր, լայն ու խորիմաստ վերլուծումով եւ բովանդակալից մէջբերումներով ներկայացուց հայ ուսուցչի կոչումին ամբողջական իմաստը:
Սրբազան հօր տպաւորիչ բանախօսութենէն շատ ամփոփ կերպով արձանագրենք միայն այն, որ անցեալին հայ հոգիներու մէջ դպրութիւն ծաղկեցնողը եղած են վանքերը: Ուր հայ կեանք կար, հոն կար նաեւ միւռոնը հայ դպրութեան, հոն կար օծումը հայ դպրոցին: Ներկայիս ամայացան վանքերը կրթական առաքելութենէն:
Հայ ժողովուրդը եթէ կ՛ուզէ շարունակել հայութիւնը, պէտք է հայ կեանքին մէջ շեշտուի ուսումնական հաւատարմութիւնը: Ուսուցիչ հաւատարմութեան արժէքը, առաքելութիւնը` ամբողջական իմաստով, կերտումն է մարդու թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ազգային տեսակէտով: Հայ ուսուցիչը այսօր միայն ուսուցիչ չէ, քիչ մը ամէն բան է: Ան ուսուցիչ է եւ ուսուցիչ պիտի մնայ ե՛ւ դպրոցէն ներս, ե՛ւ դպրոցէն դուրս:
Սրբազան հայրը շեշտեց նաեւ, որ 20-րդ դարուն առանց ուսուցչանոցի` ուսուցչութիւն չի կրնար ըլլալ: Ունինք նուիրեալներ, իրենք զիրենք գերազանցող ուսուցիչներ, սակայն, եթէ ուսուցիչը պէտք է ըլլայ դարբնող, պէտք է ինքն ալ դարբնուի: Ուստի անհրաժեշտ է նաեւ ունենալ ուսուցչանոց:
Մարի Սարգիսեանը յաջորդաբար մեներգեց «Եաման կոլէ-»ն եւ «Երեւան»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նատիա Թաթուլեանի, Խաչիկ Արարատեանը արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը:
Օրուան վերջին բանախօսը` Կարօ Սասունի բեմ բարձրանալով` ըսաւ. «Ծաղիկներ տեսայ, ծաղկեցայ: Այսօր, այս պատերէն ներս, խոստովանանք է, որ կ՛ընենք: Հայոց ազատագրական մեծ բանակը ուսուցչութիւնն է այսօր»:
Ուսուցիչին թողած կայծը միշտ տեղ մը կը մնայ: Ինչպէս հողը ծաղիկ կը ստեղծէ, մայրը` զաւակ, նաեւ ուսուցիչը մի՛տք, ձգտո՛ւմ, մա՛րդ կը ստեղծէ: Ուսուցիչը կոչումէն աւելի բան մըն է: Ինքնապրում մըն է: Ինք իր կոչումը ունի եւ գերագոյն է այդ:
Ինքն ալ վաստակաւոր ուսուցիչ մը` Սասունի ըսաւ. «Ես այս վայրկեանիս, որ այս ծաղիկները տեսայ, իմ աշակերտներուս ծաղկումը կը յիշեմ, բայց ոչ ոք կը տեսնեմ: Այս վայրկեանիս, սակայն, կը յիշեմ, չեմ կրնար չյիշել ուսուցիչներս` Մշոյ Գեղամը, Գալուստ Անդրէասեանը, Ինտրան, Հինդլեանը, Կիւրճեանը, որոնք հոգեկան կապ մը ստեղծած են ուսուցչի եւ աշակերտի միջեւ:
«Ուսուցիչի գիտակցութիւնը ինքնաբաւականութիւն ունի: Ուսուցիչը շատ զրկանք տեսնելով հանդերձ, այն երջանիկ մարդոցմէ է, որ կ՛ըսէ. «Ես բան մը կը ստեղծեմ»: Դո՛ւք, սիրելի՛ ուսուցիչներ, մնացէք այդ գիտակցութեան վրայ, եւ դո՛ւք, սիրելի՛ ծնողներ, ունեցէք այդ յարգանքը ուսուցչին հանդէպ»:
Օրհնութեան խօսքը ըրաւ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը:
Ուսուցիչը ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր կ՛ըսէինք: Ուրախ եմ, որ մեր ժողովուրդը իր ներկայութեամբ կը խանդավառէ եւ կը քաջալերէ: Յանուն վեհափառ հօր եւ անձնապէս կը շնորհաւորեմ մեր ուսուցիչները եւ կը մաղթեմ բարօր կեանք: Այդ բարօր կեանքը պէ՛տք է ստեղծենք, որպէսզի անոնք ամբողջական կոչումով նուիրուին հայ դպրութեան: Ապա սրբազան հայրը օրհնեց եւ շնորհաւորեց օրուան բանախօսները, Ուսուցչական միութեան վարչութիւնը եւ գեղարուեստական յայտագրին մասնակցողները:
«Ուսուցիչներու օր»-ուան տօնակատարութեամբ, բացառիկ մեծարանքի արժանացաւ հայ ուսուցիչը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան վարչութիւնը: Յառաջիկային աւելի ընդարձակ սրահի մը մէջ պէտք է կազմակերպուի տօնակատարութիւնը, որպէսզի վերադարձողներ եւ ոտքի վրայ կեցողներ չըլլան:
«Ուսուցիչներու օր»-ուան տօնակատարութեան ստեղծած հոգեպարար մթնոլորտէն, ներկաները մեկնեցան խոր գոհունակութեամբ:
ՀՐԱԶԴԱՆ
