Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան. «Թուրքիոյ Մէջ Կրնաք Ճնշում Բանեցնել, Բայց 12 Միլիոն Հայ Տէր Կը Կանգնի Մեր Պատրիարքարանին»

March 10, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նոր յառաջ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան կրկին բարձրացուցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը եւ յայտարարած, որ պատրիարքարանը այժմ յայտնուած է պատանդի կարգավիճակին մէջ:

«Պետութեան հետ մօտ կապեր ունեցող անձ մը կը գրաւէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնը, այսինքն` պետութիւնը իշխանական վերահսկիչ նշանակած է պատրիարքարանին մէջ: Դուք կրնաք Թուրքիոյ մէջ նման ճնշում բանեցնել հայութեան նկատմամբ, սակայն աշխարհի վրայ 12 միլիոն հայ կայ, ու գրեթէ բոլորն ալ արմատներով Անատոլիայէն են, բոլո՛րն ալ տէր կը կանգնին մեր պատրիարքարանին, սակայն այժմ անիկա կը գտնուի պատանդի կարգավիճակին մէջ», ըսած է Փայլան:

«Կայ իրականութիւն մը` Աթէշեան չի՛ վայելեր աշխարհի հայութեան յարգանքը: Այս տագնապի լուծման միակ միջոցը քուէատո՛ւփն է: Այս քաոսը կրնայ լուծել միայն ընտրութիւնը: Կազմակերպեցէ՛ք այդ ընտրութիւնը, եւ մենք կը լուծենք այս հարցը, որ տագնապալից է թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ՛ Թուրքիոյ համար: Աշխարհի ո՛չ մէկ անկիւն կայ նման օրինակ, որ նման աթոռ մը այսքան երկար տարիներ մնայ թափուր ու ձգուի այլ մարդու մը ղեկավարութեան ներքեւ: Այս մարդը չի կրնար տարիներով մնալ այս կարգավիճակին մէջ` ուղղակի ոչինչ ընելով», շարունակած է հայ երեսփոխանը:

Փայլան յայտնած է, որ այս հարցին մասին զրուցած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետին հետ: «Ըսի պարոն վարչապետին. «Ո՞ր համայնքը աւելի ձեռնտու է ձեզի. անկառավարելի դարձած ու տկարացած պոլսահայ համա՞յնքը, թէ՞ համայնքին կողմէ յարգանք վայելող հոգեւոր առաջնորդ ունեցող ու այս երկրի բոլոր բնագաւառներուն մէջ իր ներդրումը ունեցող համայնք մը. այս տեսանկիւնէ՛ն ալ դիտեցէք անգամ մը»», ըսած է Փայլան:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննարկեց «Հռոմ 2» Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Յաջորդը

Մոկերին. «Հայաստանն Ու Եւրոպական Միութիւնը Երբեք Այնքան Մօտ Չեն Եղած, Ինչպէս Այժմ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.