ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ 2018-ի պետական ամավարկը արագ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի վաւերացում:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շեշտեց, որ իրեն համար ցաւ է, որ Ուսուցչաց տօնին ուսուցիչները փողոցին մէջ իրենց իրաւունքները պահանջեն:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց քուէարկելու «Ամալ ուաֆա» ընտրացանկին, այսինքն` Լիբանանի ինքնութիւնը պահպանող ընտրացանկին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց տարբեր հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեց, որ ինք Մուսթաքպալ հոսանքին մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ ինք մնայուն կերպով պիտի զօրակցի քաղաքական այդ հոսանքին որդեգրած ուղեգիծին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Սելիմ Քարամի տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ Քարամ եւ անոր ընտանիքն ու համակիրները յանձնառու կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ դաշինքին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւնը սահմանափակուած է միայն ընտրական թղթածրարով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն, որ լիբանանցի կնոջ մղած երկարատեւ պայքարը պաշտօնապէս վերածուի անոր դերակատարութիւնը ընդունելու հրամայականի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները` շեշտելով, որ անոնք այս հայրենիքին իսկական կերտիչներն են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները վերածուին ժողովրդավարական մրցակցութեան փուլի մը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ ընտրական համաձայնութիւնները հասած են վերջնական փուլին, իսկ ընտրացանկերուն յայտարարութիւնը մօտալուտ է:


