Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է Աֆրինի մէջ շարունակուող «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութեան շուրջ յառաջացած վէճին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Այնթապէն ընտրուած երեսփոխան Մահմուտ Թողրուլ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած է, որ Աֆրինի զինուորական գործողութեամբ Թուրքիան ցեղային մաքրագործումներ կը կատարէ Սուրիոյ հիւսիսը:
«Զինուորական գործողութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացի արաբ գաղթականները Աֆրին տեղափոխելու նպատակը քրտաբնակ տարածքի մը ժողովրդագրութիւնը փոխելն է: Պատմութեան մէջ ասոր ցեղային մաքրագործում կ՛ըսեն», ըսած է քիւրտ երեսփոխանը:
Անոր այս յայտարարութեան ի պատասխան` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէն Քոնիայի երեսփոխան Լէյլա Շահին Ութսա քալած է դէպի քիւրտ երեսփոխանը եւ անոր վրայ պոռացած:
«Մեր զինուորները իրենց երկրի սահմանը կը պաշտպանեն, այդ ձեր քիւրտ զինեալներն են, որոնք կը սպաննեն խաղաղ բնակչութիւնը», ըսած է կին երեսփոխանը:
Ի վերջոյ, վէճին միացած են նաեւ այլ երեսփոխաններ, այդ պատճառով ալ սկսած է հրմշտուք եւ ծեծկռտուք: Ստացած հարուածներուն պատճառով հիւանդանոց տեղափոխուած են երկու քիւրտ երեսփոխաններ:
Փայլան. «Խորհրդարանին Մէջ Փորձեցին Մեզի Հետ Ինքնադատաստան Տեսնել,
Բայց Ֆաշականներուն Պիտի Դիմադրենք»
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններուն յարձակումին մասին:
«Երէկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեփոխանները խորհրդարանին մէջ փորձեցին մեզի հետ ինքնադատաստան տեսնել: Իրենց բարբարոսութիւնները ամէն տեղ ցոյց կու տան: Ֆաշականներուն դէմ ամէն տեղ դիմադրութիւն ցոյց պիտի տանք: Եւ ի հարկէ պիտի յաղթենք»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները մեղադրած են իշխանութիւնները Աֆրինի մէջ ցեղային զտում կատարելու յանցանքով, ինչ որ կատղեցուցած էր Էրտողանի կուսակիցները, որոնք յարձակած են քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններուն վրայ:




