Նկատի առնելով, որ արաբական աշխարհի լրատուական միջոցներու մէջ Արցախի մասին պատմական տուեալներու եւ վերլուծումներու հրապարակումները քիչ են կամ ժխտական արձագանգներով լի, հետեւաբար «Ազդակ արաբերէն» կայքը նախաձեռնեց արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով յաջորդական ձեւով հրապարակել 30 նիւթ, որոնք կ՛առնչուին նախ Արցախի քաղաքակրթութեան եւ մշակութային զարթօնքին, ապա իրաւական բնոյթ ունեցող նիւթերու, սկսած նախախորհրդային շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ: Միւս կողմէ, նիւթերը պիտի անդրադառնան արցախեան շարժումի պատմականին եւ արխիւային պաշտօնական նիւթերու հրապարակումին: Պատրաստուած նիւթերը պիտի ուղարկուին արաբական տարբեր երկիրենրու մէջ գործող ուսումնասիրութեան կեդրոններու։



