Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Ժոքոնտը Ոչ Թարթիչ, Ոչ Ալ Յօ՞նք Ունի

March 10, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ժոքոնտ անունով ճանչցուած Մոնա Լիզայի դիմանկարը նկարուած է 1503 թուականին շուրջ, Լէոնարտօ Տա Վինչիի կողմէ:

Հակառակ իր փոքրիկ չափին (77×53 սմ)` այս իւղաներկը մրցանիշներ կը կոտրէ, որովհետեւ օրական աւելի քան 15 հազար անձեր կու գան զմայլելու անոր խորհրդաւոր ժպիտով:

Այս դիմանկարին իւրայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Մոնա Լիզան ո՛չ թարթիչ, ո՛չ ալ յօնք ունի: Կայ երկու վարկած` բացատրելու այս խորհրդաւոր կէտը: Ըստ մէկ ենթադրութեան, իսկական Մոնա Լիզան իր դէմքին մազերը կը հանէր. արդեօք 16-րդ դարուն նորո՞յթ էր թարթիչ եւ յօնք չունենալը: Ուրիշ ենթադրութիւն մը կ՛ըսէ, որ այդ մանրամասնութիւնները գծուած են գեղանկարին վրայ, սակայն անոնք անհետացած են ժամանակի ընթացքին: Շնորհիւ յառաջդիմած արհեստագիտութեան` խոր ուսումնասիրութիւններ կատարած են դիմանկարին վրայ, երկրորդ ենթադրութիւնը աւելի հաւանական կը թուի:

Գիտէի՞ր, Որ…

1911-ին Ժոքոնտը գողցուեցաւ Լուվրի թանգարանէն: Ժամանակ մը Կիյոմ Ափոլիներ բանաստեղծը եւ արուեստագէտ Փապլօ Փիքասոն կասկածի տակ առնուեցան: Սակայն երկու տարի ետք իսկական գողը ձերբակալուեցաւ:

Վինչենզօ Փերուճիա իտալացի ապակեգործ մըն էր, որ ժամանակ մը աշխատած էր թանգարանին մէջ:

 

Լուսինին Վրայի Քանդակը

Գիտէի՞ր, որ լուսինին վրայ գոյութիւն ունի փոքրիկ քանդակ մը:

Մինչեւ այսօր մարդ արարածը լուսին այցելած է 6 անգամ: 21 յուլիս 1969-ին Նիլ Արմսթրոնկը լուսինի մակերեսին վրայ առաջին քայլը կը նետէ: Իսկ վերջին անգամ քալած է Իուճին Սերնան, 1972-ին:

1971-ին, մարդուն` լուսին չորրորդ այցելութեան ընթացքին, Ափոլլօ 15-ի աստղանաւորդները փոքրիկ արձանիկ մը ձգած են լուսինին վրայ: 8,5 սմ բարձրութեամբ ալիւմինոմէ այս պզտիկ արձանիկը անուանուած է «Ֆոլլըն ասթրոնոթ» (ինկած աստղանաւորդը):

Այս պարզ քանդակը գործն է պելճիքացի արուեստագէտ Փոլ Վան Հոյտոնքի: Անոր քովը դրուած է փոքրիկ ցուցատախտակ մը` ի յիշատակ ամերիկացի եւ խորհրդային աստղանաւորդներու, որոնք մահացած են դէպի անջրպետ տարբեր ճամբորդութիւններու ընթացքին: Եթէ օր մը բախտը ունենաք լուսին այցելելու, պիտի կարենաք արձանիկը տեսնել Մոն Հէյտլի կոչուած բլուրին վրայ:

Գիտէի՞ր, Որ…

Այս արձանիկը միակ առարկան չէ, որ աստղանաւորդները հոն ձգած են: Լուսինին վրայ կան աստղանաւորդներուն կողմէ տարբեր ճամբորդութիւններ մնացած գործիքներ, ինչպէս նաեւ` կոլֆի գնդակներ, դրօշակներ…

Մինչեւ լուսին առաջին ճամբորդութիւնը Ափոլլօ-11 անջրպետանաւին միջոցով, տեւեց 4 օր, 6 ժամ եւ 45 երկվայրկեան:

 

Անսպասելի Տեսարան Մը

Գիտէի՞ր, որ Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունի կարմիր ծովափ մը: Այս կարմիր ծովափը կը գտնուի Չինաստանի հիւսիս-արեւելքը, Փանժին քաղաքին մէջ: Անոր իւրայատուկ կարմիր գոյնը չէ յառաջացած ո՛չ անոր աւազէն, ո՛չ ալ անոր խճաքարերէն, այլ` սուէտա կոչուած ջրախոտէ մը:

Այս ջրախոտը կանաչ կը բուսնի ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն ընթացքին եւ այս գոյնը կը պահէ ամբողջ ամառը: Ապա, աշնան ան կարմիր կը դառնայ` կերպարանափոխելով ամբողջ տեսարանը:

Այս ծովափին ապրող թռչուններու եւ վայրի անասուններու հարիւրաւոր տեսակները կ՛ամբողջացնեն այս արտասովոր տեսարանը:

Այս ծովափը պահպանուած շրջան մըն է. հոն արգիլուած է ազատօրէն պտտիլ կամ լողալ: Սակայն փոքրիկ բաժին մը տրամադրուած է այցելուներուն, որոնք կ՛ուզեն տեսնել այս բնական հրաշալիքը:

Գիտէի՞ր, Որ…

Բոլոր ջրախոտերը կարելի չէ ուտել. սակայն անոնք, որոնք ուտելի են, առողջութեան համար շատ օգտակար կրնան ըլլալ: Օրինակի համար, ծովու հազարը, որ շատ վառվռուն գոյն ունի, նարինջէն աւելի Սէ. կենսանիւթ ունի: Մինչ ուաքամէն, որ ոստրէի համ ունի, շատ աւելի փրոթէին կը պարունակէ, քան` հաւուն հաւկիթը:

 

Հարցարան

Աշխարհագրական  Հարցադրումներ

1.- Ո՞ր երեք երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերը անուանուած են փիղերու անունով.

ա.- Սրի Լանքա, Գերմանիա, Հնդկաստան:
բ.- Կինէա, Թայլանտ, Փղոսկրեայ Ափունք:
գ.- Ճափոն, Պուրքինա Ֆասօ, Հարաւային Ափրիկէ:
դ.- Ուկանտա, Քուպա, Մալեզիա:

2.- Փափուա Նիւ Կինէայի մէջ կը խօսուին աւելի քան 700 բարբառներ:
………………….. Ճ/Ս

3.- Ո՞ր երկրին մէջ Զատկուան հաւկիթները քուքու թռչունը կը բերէ եւ ոչ` նապաստակը:
ա.- Զուիցերիա, բ.- Փորթուգալ, գ.- Պուլկարիա, դ.- Մեքսիքա:

4.- Ո՞ր երկիրը անուանուած է Ալպեան լեռնաշղթային արեւոտ կողմը:
ա.- Ֆրանսա, բ.- Իտալիա, գ.- Սլովենիա, դ.- Յունաստան:

5.- Ո՞ր երկրին մէջ ինքնաշարժ վարողները կը հանդիպին ագեվազի դեղին եւ սեւ ճամբու նշաններու:
ա.- Հնդկաստան, բ.- Թոնկօ, գ.- Աւստրալիա, դ.- Հարաւային Ափրիկէ

6.- Ո՞ր երկիրը հիւսիսային եւ հարաւային Ափրիկէն իրարու կապող շրջանին մէջ կը գտնուի:
ա.- Թունուզ, բ.- Լիպիա, գ.- Մալտիվ, դ.- Քամերուն:

7.- Հետեւեալ ո՞ր առարկաները արգիլուած էին Պրազիլի մէջ կայացած 2014-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան դաշտերուն մէջ:
ա.- Հովանոցները, բ.- Մեծ դրօշակներ եւ ցիցեր, գ.- Քամերաներ, դ.- Նշուած բոլոր առարկաները:

8.- Ո՞ր երկրին մէջ կէսօրուան ճաշին կարելի է ուտել փափայայով, կպչուն բրինձով եւ համեմուած աղցան մը` սոմ թոմը:
ա.- Փաքիստան, բ.- Թայլանտ, գ.- Սուրինամ, դ.- Պուլկարիա:

9.- Ո՞ր լեռնային երկիրը ճանչցուած է իբրեւ երկինքի թագաւորութիւնը:
ա.- Անկոլա, բ.- Չինաստան, գ.- Էլ Սալվատոր, դ.- Լեսօթօ:

10.- Ճափոնի մէջ աւելի պզտիկներ կան, քան` ընտանի անասուններ:
…………………………….. Ճ/Ս

11.- Սեփաք Թաքրօ քարաթէի եւ վոլիպոլի խառնուրդ մարզախաղ մըն է: Ան ո՞ր երկրին մէջ ծնած է:
ա.- Հարաւարեւելեան Ասիա, բ.- Հիւսիսային Եւրոպա, գ.- Հարաւային Ափրիկէ, դ.- Կեդրոնական Ամերիկա:

12.- Ո՞ր երկրին մէջ մարդիկ ամառը կը տօնեն` իրենց գլխուն վրայ դնելով ծաղիկի պսակներ եւ ուտելով գետնախնձոր ու ռինկօ ձուկ:
ա.- Ալպանիա, բ.- Շուէտ, գ.- Հարաւային Քորէա, դ.- Պրազիլ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել մատիտին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել մարդուկին համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ ձուկերը:

Պատասխաններ

1) Բ: 2) Ճիշդ հարիւրաւոր փափու եւ մալեզիացիներու ցեղախումբեր կ՛ապրին Փափուա Նիւ Կինէայի մէջ: 3) ա: 4) գ: 5) գ: 6) դ: 7) դ: 8) բ: 9) դ: 10) Սխալ: Գոյութիւն ունին արձանագրուած աւելի քան 21 միլիոն կատուներ եւ շուներ. մինչեւ 15 տարեկան մանուկներուն թիւը կը հասնի միայն 16,5 միլիոնի: 11) ա: 12) բ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Մեր Հօր` Արմենակ Աշճեանին

RelatedPosts

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.