Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Լիբանանի ակումբներու տարիքային քրոս քաունթրին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Ժամհուր դպրոցին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանեան զանազան ակումբներէ աւելի քան 500 մարզիկ-մարզիկուհիներու:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթի ներկայացուցչական խումբը իր կարգին 24 մարզիկներով մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ակումբները եւ արձանագրելով բաւական լաւ արդիւնքներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակցող մարզիկներուն անունները.-
Նարեկ Փանոսեան, Նարօտ Կիւրիւնլեան, Սերժիօ Թութիկեան, Կի Խանճեան, Յակոբ Ուրֆալեան, Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան, Փաթիլ Ասատուրեան, Միկէլ Խանճեան, Շանթ Չիլինկիրեան, Արմէն Եղիայեան, Մեսրոպ Ուաննէս, Գրիգոր Ահարոնեան, Սերժիօ Ահարոնեան, Լորի Պզտիկեան, Սէրուժ Չիլինկիրեան, Վարդօ Ասատուրեան, Քեվըն Պերեճիքեան, Նարեկ Վարդանեան, Մարի Գուրամաճեան, Պարոյր Գուրամաճեան, Հրակ Ճիմպաշեան, Սերժ Չոլաքեան, Հրակ Թորոսեան եւ Քրիսթիան Արապսէյիսեան:



