Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին, յառաջատարները յաղթանակ արձանագրեցին:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արարատի դէմ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Գանձասար – Կապան նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Փիւնիկին:
Վերջապէս, երրորդ եւ վերջին մրցումին, Շիրակ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Բանանցի դաշտին վրայ:



