Անգլիական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Արսենալը շատ մօտէն հետաքրքրուած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւով:
Կը նշուի, որ եթէ Արսենալ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով չկարենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով տոմս մը ապահովել, շատ հաւանաբար անոր ֆրանսացի մարզիչը` Արսեն Վենկեր, հեռանայ խումբէն:
«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Վենկերը փոխարինողներուն կարգին նշուած է նաեւ Լոյեւի անունը:
Սակայն արդեօք Լոյեւ պիտի ուզէ՞ լքել Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը եւ ստանձնել Արսենալը:



