Շաբաթ, 10 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին Շանվիլ ակումբին մէջ (Տիք Մըհտի), Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նախկին մարզիկ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Ֆետի Խաթիպ, որ «Չեմփ» ակումբին նախագահն է, կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ սպանական Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի ակադեմիային կատարելիք բանակումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 2-6 ապրիլին` ակումբին դաշտերուն մէջ (Պէյրութ):
Այդ բանակումին ներկայ պիտի ըլլան սպանացի փորձառու մարզիչներ, ինչպէս նաեւ Փիեռ Իսսա, Եուսեֆ Մոհամետ (որոնք ներկայ պիտի ըլլան մամլոյ ասուլիսին) եւ շատ հաւանաբար` Քրիսթիան Քարամպէօ:
Այս ակադեմիան, յատկացուած է 5-17 տարեկան ֆութպոլասէր պատանիներուն: Անոր աւարտին անոնք պիտի ստանան յատուկ նուէրներ:


