Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աշխարհի ընդհանուր նոր դասաւորումը, որուն մէջ անգլիացի Էնտի Միւրէյ նահանջեց 29-րդ դիրք:
Անոր այս նահանջը, ո՛չ միայն միջազգային դասաւորման մէջ իր վատ անդրադարձը ունեցաւ, այլ նաեւ Անգլիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ 30 տարեկան Միւրէյ 12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անգլիացի թենիսմեններուն մէջ նահանջ արձանագրեց եւ իր տեղը զիջեցաւ Քայլ Էտմունտին, որ բարձրացաւ 24-րդ դիրք:
Միւրէյ 608 շաբաթէ ի վեր կը գրաւէր անգլիացի թենիս խաղացողներուն պարագլուխի դիրքը:
Միւրէյ, որ նախորդ յունուարին վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, թենիսի դաշտերը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ մայիսին կամ յունիսին:



