Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, որ նախանցեալ օր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, 3-էն 4 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը.
Ասիկա կը նշանակէ, որ 33 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի չկարենայ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերել 14 մարտին Չելսիի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին դարձի մրցումին (երթ` 1-1):



