Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պրազիլ Յանձնառու Է Լիբանանի Ապահովութեան Պահպանումին» Շեշտեց Ֆերեյրա

March 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Ալոյսիօ Նունես Ֆերեյրա, որ նախանցեալ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Լիբանան, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆերեյրա եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Ֆերեյրա յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններէն բացի, նաեւ կան ընտանեկան յարաբերութիւններ` նկատի ունենալով Պրազիլի մէջ ապրող մեծ թիւով լիբանանցիները, որոնք ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը գործեն: «Իմ կինս նաեւ լիբանանցի ընտանիքէ կու գայ», ըսաւ Ֆերեյրա:

Ան յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Պրազիլ կը զօրակցի Լիբանանի ջանքերուն, յատկապէս անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն պարագային, ինչպէս` սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը եւ ենթակառոյցի ու բանակի զինման նպատակով ներդրումներու կարիքը: Ան հաստատեց, որ Պրազիլ յանձնառու է Լիբանանի ապահովութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ հպարտ է, որ մաս կը կազմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ծովուժին, որ կը հսկէ լիբանանեան ծովեզերեայ շրջանին:

Ֆերեյրա յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի յանձնած է Պրազիլ այցելութեան հրաւէր մը` նշելով, թէ Պրազիլի նախագահ Միշել Թամեր կը փափաքի ամավերջին այցելել իր մայր հայրենիք Լիբանանը:

Ֆերեյրա այցելեց նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պրազիլեան յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներն ու Պրազիլի մէջ ապրող աւելի քան 7 միլիոն ծագումով լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:

Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլի` միջազգային ատեաններուն մէջ Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար եւ Ֆերեյրայի հետ քննարկեց Լիբանանի օժանդակութեան նուիրուած միջազգային երեք խորհրդաժողովներուն կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Ֆերեյրա յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով բոլոր երկիրները պէտք է բաժնեկցին տեղահանուածներուն հոգալու պատասխանատուութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի Թրապուլսիի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Սալամէին Թելադրեց Բնակարանային Վարկեր Ապահովել

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.