Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Այցելած Է Գիւմրի

March 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց Գիւմրի ծանօթանալու համար Շիրակի մարզի եւ համայնքներու զարգացման 2017-ի ծրագիրներուն շրջագիծին մէջ իրականացած աշխատանքին եւ 2018-ին կատարուելիք աշխատանքներուն մանրամասնութիւններուն:

Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին Շիրակի մէջ իրականացած են 22 միլիառ դրամի ներդրումային ծրագիրներ, մինչ 2016-ին ներդրումներու գումարը հասած էր 11,4 միլիառ դրամի: Ան նշեց նաեւ, որ ակնկալութիւններ կան, որ 2018-ին ներդրումային ծրագիրներու ծաւալը հասնի 36 միլիառ դրամի:

Ա. Խաչատրեան զեկուցեց, որ Շիրակի մարզին մէջ աշխատատեղիներու թիւը, որ 2017-ին հասած է 23.517-ի, 2018-ին պիտի հասնի 27.000-ի: Ըստ Խաչատրեանի զգալի թիւով աշխատատեղիներ պիտի ստեղծուին թեթեւ արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատած է սեփական եկամուտները աւելցնելու իմաստով առնուած քայլերը, պահանջելով միաժամանակ յստակացնել վիճակագրական տուեալները:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի հիմնէ արձանագրութեան վարչական հիմնարկ, որ յատուկ խմբակներով մարզպետներուն հետ պիտի գործէ` վիճակագրութեան աշխատանքը կատարելու: «Այդ մէկը երկու-երեք տարուան աշխատանք է, որպէսզի թուային ճշգրիտ տուեալներ ունենանք, բայց պէտք է, որ համայնքներու ղեկավարներուն հետ սերտ աշխատանք կատարուի եւ տեղեկութիւններ տրամադրուին: Այն համայնքը, որ շատ աճ ունենայ` զայն պիտի  ֆինանսաւորենք, որպէսզի անոնք քաջալերուին: Իսկ ով որ աւելի շատ եկամուտ կարենայ ապահովել` ամէնէն աւելի օժանդակութիւնը պիտի ստանայ», ըսաւ վարչապետը:

Մարզպետ Խաչատրեան նշեց, որ համայնքներուն պիւտճէները արդէն իսկ ծրագրուած են եւ կը նախատեսուի, որ այս տարուան ընթացքին այդ պիւտճէները 13 առ հարիւրի աճ մը արձանագրեն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ առողջապահութեան մարզին մէջ վճարովի ծառայութիւններուն եւ բժշկական կեդրոններուն կուտակած պարտքերուն հարցը, աղբ հաւաքելու եւ աղբանոցներու թղթածրարը, սպանդանոցներու վերաբերող խնդիրներ, ճամբաներու վերանորոգում եւ ենթակառոյցի զարգացման կարելիութիւններ:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպայի Մէջ Ներկայ Փուլը Անկիւնադարձային Կարեւորութիւն Ունի» Յայտնեց Յարութ Շիրինեան

Յաջորդը

«Հայաստանի Մէջ Կիներուն Կարելիութիւնները Տակաւին Լիարժէք Ձեւով Չեն Օգտագործուիր» Յայտնեց Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.