Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Յարաբերական Յանձնախումբին Տարեկան Ձեռնարկը

March 3, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարեսիրական ու մարդասիրական իւրաքանչիւր աշխատանք իրականութիւն կը դառնայ` հաւաքական ջանքերով, համադրական աշխատանքով, նիւթական, բարոյական եւ գործնական ճիգերու միաձուլումով: Այդպէս է պարագան նաեւ ԼՕԽ-ի բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութեան, որուն յաջողութեան համար հիմնական դերակատարութիւն ունի հայորդիներուն բարոյական ու նիւթական նեցուկը: Այս իրականութենէն մեկնած է, որ տարեկան դրութեամբ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը իր աշխատանքներու ծիրին մէջ կը կազմակերպէ յատուկ ճաշկերոյթ, որպէսզի նիւթական ապահովէ միութեան, ինչպէս նաեւ առիթը ծառայեցնէ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան միութեան աշխատանքին ու իրենց ներդրումով կը սատարեն անոր երթին շարունակութեան:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Թամար Զէյթլեանին, հինգշաբթի, 1 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ «Լը կրէյ» պանդոկի «Լը կրան սալոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեանը, որ ողջունեց ներկաները, որոնք տարիներ շարունակ գործնական կերպով փաստեցին, որ իրենք մեծ հաւատք ունին միութեան հանդէպ, ուստի նեցուկ են անոր առաքելութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ այս անգամ եւս կարելի կ’ըլլայ յաջողութեամբ պսակել այս նախաձեռնութիւնը եւ զայն ծառայեցնել իր նպատակին:

Արաբերէնով խօսք առաւ յարաբերական յանձնախումբի անդամ Քարոլին Թերզեանը, որ ըսաւ, թէ ներկաները ապացոյց են, որ մեծ է անոնց հաւատքը ԼՕԽ-ի ծաւալած գործունէութեան նկատմամբ, եւ որ` իրենք կրնան ապաւէն ըլլալ մարդուն եւ մարդկայնութեան համար ջանք չխնայող այս միութեան: Ան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի բարեկամներուն եւ հարազատներուն այս կեցուածքը ուժ կու տայ միութեան` յաւելեալ վճռակամութեամբ շարունակելու նուիրական երթը:

Ապա Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեանը, որ անդրադարձաւ հայ կնոջ կերպարին լաւագոյնս համընկնող ԼՕԽ-ի առաքելութեան` հաստատելով, որ անիկա իր յարկին տակ կը համախմբէ նուիրեալներու բանակ մը, որ ապագայ սերունդներուն եւս կտակ փոխանցելու կոչուած է:

«Աշխարհի տարածքին կարելի չէ գտնել այսպիսի բարեսիրական կամաւորներու միութիւն, որուն արմատները հզօրապէս տարածուելով, մէկ բռունցքի նման ոտքի կանգնած է` պահպանելու իր ընտանիքը, ազգը, աւանդութիւնը, մշակոյթը եւ հայրենիքին հանդէպ սէրը: Ասոր համար է, որ շատ մը օտար կազմակերպութիւններ դրուատիքով կ՛անդրադառնան ՀՕՄ-ի կառոյցին եւ անոր միաւորներուն անշեղ ու կարգապահ գործընթացին», հաստատեց Մ. Մխճեանը: Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական կամաւոր զինուորագրեալ է հզօր բանակին, արթուն պահակը իր ազգին ու հայրենիքին եւ հիմնադիրներուն ջահը վառ պահողը: «Վա՛յ այն օրուան, երբ մենք կը պարպուինք այս ազնուական զգացումներէն եւ կը դառնանք շնչող անիմաստ էակներ: «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» նշանաբանով պաշտպանենք եւ բարձրացնենք ԼՕԽ-ին դրօշը եւ անոր սուրբ առաքելութիւնը` ձեր գիտակից մասնակցութեամբ: Օրինակ դառնանք մեր զաւակներուն` զանոնք մղելով բարեսիրական աշխատանքներու, որպէսզի հեռու մնան յոռի բարքերէ, եւ իրենց մէջ զարգացնենք մարդկային արժէքները եւ տալու գոհունակութիւնը», ըսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը` աւելցնելով, որ հպարտ անցեալ ունեցող 88-ամեայ ԼՕԽ-ը իր ապագան կը պատկերացնէ մանուկներու եւ կարօտեալներու ուրախութեան ժպիտներով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին` կազմակերպիչ մարմին թէ մասնակից, Մարալ Մխճեանը կոչ ուղղեց ամուր ըլլալու եւ իրենց սրտերուն մէջ միշտ վառ պահելու ԼՕԽ-ը:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միջնախարարական Յանձնախումբի Նիստ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.