Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միջնախարարական Յանձնախումբի Նիստ

March 3, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 մարտ 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջնախարարական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարարը նշեց. «Ուրախ եմ, որ վարչապետին որոշումով` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պատշաճօրէն կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած է միջնախարարական յանձնախումբ: Խորհրդանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի 2800-ամեակին զուգահեռ պիտի նշենք սփիւռքի մեծագոյն երիտասարդական կազմակերպութեան 100- ամեակը: ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը հայոց պատմութեան մէկ մասն է: Եւ  պէտք է իւրաքանչիւրս մեր կարելին ընենք  յոբելենական ձեռնարկները լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար»:

Իր ելոյթին մէջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, երկու կաթողիկոսներուն` յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման աջակցելու եւ հովանաւորելու համար: «Մեր կազմակերպութիւնը ծնած է 100 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ, բայց գրեթէ անմիջապէս, նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով տեղափոխուած է Հայաստան: Թէեւ այսօր սփիւռքի մէջ ենք, բայց կ՛ապրինք Հայաստանով: Մեր կազմակերպութիւնը Հայաստանի ու սփիւռքի միաւորման, միասնականութեան խորհրդանիշն է: Շնորհակալութիւն սփիւռքի նախարարութեան, որ մեր գործընկերն է, եւ մեր կողքին է մեր փոքր ու մեծ բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին»:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց կազմակերպութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրը, եւ փոխներգործօն քննարկումի միջոցով բոլոր նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց կատարելիք աշխատանքները:

«Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան նշեց, որ տօնակատարութիւններէն առաջ պիտի տրուի մամլոյ ասուլիս, պիտի ներկայացուին տեղեկութիւններ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական 11-րդ բանակումի, ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ գործունէութեան նուիրուած գիտաժողովի, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի հրապարակման եւ մարման, Գիւմրիի մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ:  «Բանակումին պիտի մասնակցին 1100-էն աւելի սկաուտներ աշխարհի 26 երկիրներէ, 600 երիտասարդ Հայաստանէն», աւելցուց ան:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շուտով Տէր Զօրի Վերանորոգութեան Կոչ Պիտի Ուղղէ Հայ Ժողովուրդին

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Յարաբերական Յանձնախումբին Տարեկան Ձեռնարկը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.